İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏրԻԱրՔ հԱՅրԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ հԱՄԱհԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵրՈՒ ՊՈԼՍՈՅ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԸ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարքը 16 Սեպտեմբեր Երեքշաբթի ժամը 11.00ին ընդունեց համահայկական Խաղերու Պոլսոյ վարչութեան դիւանը գլխաւորութեամբ ատենապետ Ղազարոս Ունանի։

Պատուիրակութիւնը ամփոփ կերպով տեղեկութիւն փոխանցեց Պատրիարք հօր համահայկական Գ. Խաղերուն մասին, իմացնելով որ յաջորդ խաղերը կը կազմակերպուին չորս տարի յետոյ։

Պատրիարք հայրը այցելուները շնորհաւորեց ստացուած առաջնութեան բաժակին համար կանանց վոլէյպոլի մարզին մէջ եւ նորանոր նուաճումներ մաղթեց մեր մարզիկներուն։

Yorumlar kapatıldı.