Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը 15 Սեպտեմբեր Երկուշաբթի ժամը 11.00ին ընդունեց Գերմանիոյ նոր Աւագ հիւպատոս Ռայնէր Մէօքէլմաննի քաղաքավարական անդրանիկ այցելութիւնը։
Պրն. Մէօքէլմանն յայտնեց, որ իր պաշտօնին ձեռնարկելէ անմիջապէս յետոյ փափաքած էր անձամբ ծանօթանալ Քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերուն հետ։ Ան ընդգծեց, որ յատուկ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ հայոց Պատրիարքութեան եւ հայ համայնքին, քանի որ հայերը ոչ¬մահմետական փոքրամասնութիւններու մէջ ամենէն բազմամարդ համայնքն է։ Աւագ հիւպատոսը հետաքրքրուեցաւ նաեւ հայ համայնքի այսօրուան վիճակով եւ յատկապէս անդրադարձաւ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան հարցին։
Նորին Ամենապատուութիւնը Պրն. Մէօքէլմաննին յաջողութիւն մաղթեց իր ձեռնարկած նոր պաշտօնին մէջ եւ իրեն տեղեկութիւն փոխանցեց Պոլսոյ Պատրիարքութեան եւ Թուրքիոյ հայ համայնքին անցեալին ու ներկային մասին։ Խօսելով նաեւ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան մասին, Պատրիարք հայրը անգամ մը եւս յայտնեց որ Թուրքիոյ անխտիր բոլոր փոքրամասնութիւնները կողմ ատոր կարելի փութով իրականութեան վերածուելուն։
Պրն. Մէօքէլմանն Պատրիարքարանի պատուոյ տոմարը ստորագրելէ ետք հրաժեշտ առաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք հօրմէ։ հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքարանի Աւագ Քարտուղար Պրն. Տիգրան Զէնկինեան։
Yorumlar kapatıldı.