ՍԵՊՏ. 1, Բշ. ¬ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը յետ միջօրէին ընդունեց ծնողազուրկ երախայի մը կրթական ծախսերը դիմագրաւելու փափաք յայտնող գործատէր Ալիս Թադէոսօղլուն։ Աւելի վերջ, Նորին Ամենապատուութիւնը ընդունեց րաֆֆի հերմոն Արաքսի եւ րակըփ Զարաքօլուի քաղաքավարական այցելութիւնները։ Երեկոյեան, Նորին Ամենապատուութիւնը նախագահեց Պատրիարքական Աթոռի Տեղեկութեանց Արտադրաեղանակի Մշակման Յանձնախումբի ժողովին` ատենապետութեամբ Մուրատ Էօզքանի։
ՍԵՊՏ. 2, Գշ. ¬ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը ժամը 09.00ին ընդունեց Իսկենտէրունցի Տքթ. Մուրատ Ուղուրլուճանը։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 10.00¬12.00ին նախագահեց Պատկ. Կրօնական Ժողովի ԼԹ. նիստին, ատենապետութեամբ Գերշ. Տ. Արամ Եպիսկ. Աթէշեանի։ Ժողովական հայրերը, ընթացիկ հարցերու կարգին զբաղեցան նաեւ Պալաթի Սրբոց հրեշտակապետաց Եկեղեցւոյ մէջ սարքելի Խաչվերացի հանդիսութեանց մանրամասնութիւններով։ Կրօնական Ժողովը հանգստեան կոչեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ բազմամեայ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Աւ. Քհնյ. Միրզոյեանը, առողջական պատճառներով։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 15.00ին ընդունեց նախկին երեսփոխան, Միջկրօնական Յարաբերութեանց հիմնարկի Նախագահ Փրօֆ. Տքթ. Ապտուրրահման Քիւչիւքը։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 16.00ին ընդունեց Սկիւտարի Ս.Խաչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը ատենապետութեամբ Յովհաննէս Գրիգոր Կոպոյեանի, որոնք մեր հոգեւոր Պետին հովանաւորութիւնը խնդրեցին Խաչվերացի հանդիսութեանց համար։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 17.00ին ընդունեց Պատրիարքարանի գլխաւոր ճարտարապետ` Գէորգ Էօզքարակէօզն ու Պատրիարքարանի Վերանորոգութեան Յանձնախումբի Ատենապետ ճարտարապետ Արման շիրինը։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 18.00¬20.30ին նախագահեց իր խորհրդականներու ժողովին, ատենապետութեամբ Եդուարդ Գովանի։ Խորհրդականները քննարկեցին Պատրիարքարանի պիւտճէի ներկայ վիճակը, որ պատրաստուած էր Պատրիարքարանի Տնտեսական Խորհուրդին կողմէ։
ՍԵՊՏ. 3, Դշ. ¬ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը ամբողջ օրուան ընթացքին աշխատակցեցաւ Պատրիարքարանի ճարտարապետներուն հետ։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 15.00ին ընդունեց Ս.Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի Տնօրէն Թօրոս հաքկէօրը։
ՍԵՊՏ. 4, Եշ. ¬ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը ժամը 10.00ին ընդունեց Թուրք եւ Ամերիկեան Գործարարութեան Ընկերակցութեան ներկայացուցիչները, որոնք Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեցին ներկայ ըլլալու Վարչապետ րէճէփ Թայյիպ Էրտողանի 12 Սեպտեմբերի բանախօսութեան Չրաղան Պալատի մէջ։ Վարչապետ Էրտողան պիտի խօսի «Թուրքիա¬ԱՄՆ Փոխյարաբերութիւններ» թեմայով։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 14.00ին ընդունեց Պատրիարքարանի պատմական շէնքի յարդարանքով զբաղող մասնագէտները։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 16.00¬18.00ին նախագահեց Պատրիարքական Աթոռի Մամլոյ եւ հասարակութեան հետ Յարաբերութեանց Յանձնախումբի ժողովին ատենապետութեամբ Աննա Թուրայի։
ՍԵՊՏ. 5, Ուր. ¬ Անտիոք նահանգի Սամանտաղ գաւառակի Մուսա լերան Վագըֆգիւղի Գիւղապետ Պերճ Գարթունեան եւ Գիւղի Երիցանց Խորհուրդը իրաւաբան Չէթին Սաքալլըի պատրաստած տեղեկագիրը յղեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք հօր ուշադրութեան։ Տեղեկագրին մէջ կը բացատրուէր, թէ գիւղի տարածքէն 50 արտավար հող ինչպիսի պայմաններու ներքեւ փոխանցուած էր Սամանտաղի Քաղաքապետութեան վարչական իրաւասութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը իսկոյն տեղեկագիրը յղեց պետական պատկան գրասենեակներու ուշադրութեան արտայայտելով Թուրքիոյ հայերուն ընդվզումը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը ստացաւ Մշակոյթի Նախարարութեան եւ Ատանայի, Չուքուրօվայի, Անտիոքի Ռոթարիէններու նամակները, որոնք կը խնդրէին Թուրքիոյ հայոց Պատրիարքին մասնակցութիւնը 28 Սեպտեմբերին Անտիոքի եւ Վագըֆգիւղի մէջ սարքելի համերգին` Արամ Խաչատուրեանի Ծննդեան հարիւրամեակին առիթով։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 10.00ին ընդունեց ԿԱՄՔ խումբի անդամները գլխաւորութեամբ Կարօ Գաբրիէլեանի։ Խումբը կը ձգտի ձեռնարկներ կազմակերպել հայատառ մամուլի ընթերցանութիւնը քաջալերու համար։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 11.00ին ընդունեց Փրօֆ. Տքթ. Յակոբ Կոթողեանը, իսկ 12.00ին Երեւանի մէջ ուսանող Արթիւր Պաղտասարեանը։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 16.00ին ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ Լիսէի ¥նախկին Դպրեվանք¤ վարիչները գլխաւորութեամբ Մկրտիչ Թիմուրճուօղլուի, իսկ ժամը 17.00ին Սեւ Ծովեան Տնտեսական համագործակցութեան Կազմակերպութեան Պոլսոյ Միջազգային Քարտուղարութեան մօտ հայաստանի Ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեանը։
ՍԵՊՏ. 6, շբ. ¬ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրն անցաւ Գնալը Կղզիի Պատրիարքական Ամարանոցը եւ ամբողջ օրը տրամադրեց եկեղեցասէր երիտասարդներու գործունէութեանց եւ հոգեւոր լսարանի։
ՍԵՊՏ. 7, Կիր. ¬ Դ. Կիրակի զկնի Վերափոխման։ Բարեկենդան Ս. Խաչի Պահոց։
Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը կիրակնօրեայ պաշտամունքին մասնակցեցաւ եւ նախագահեց Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին զոր մատոյց հոգշ. հայր Թաթուլ Աբեղայ Անուշեան։ Նշուեցաւ եկեղեցւոյ Ներսէսեան Դպրաց Դասուն հիմնադրութեան 146րդ տարեդարձը։
Պատրիարքական Փոխանորդ` Գերշ. Տ. շահան Արքեպիսկ. Սվաճեան ուխտաւորաբար Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։
Պատրիարքական Աթոռոյ Լուսարարապետ` Գերշ. Տ. Արամ Եպիսկ. Աթէշեան Երաժշտասիրաց Դպրաց Դասու 59րդ տարեդարձին հանդիսապետեց, Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Պիւյիւքտէրէի Սրբոց հռիփսիմեանց Եկեղեցւոյ մէջ։
Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան Ս. Պատարագ մատոյց եւ խրատական խօսեցաւ Մուսա լերան Վագըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։
Մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կարդացուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարքի հայրական Խօսքը, որ կը վերաբերէր Պալաթի եկեղեցւոյ մօտալուտ ուխտագնացութեան։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 16.00ին Գնալը Կղզիի ամարանոցէն քաղաք իջաւ եւ վերադարձաւ իր Աթոռը։
ՍԵՊՏ. 8, Բշ. ¬ Պատրիարքարանի Դիւանը` Նարեկ Աղօթամատեանի հազարամեակին նուիրուած ուխտագնացութեան թուականները յայտարարեց որպէս 2 ¬ 5 հոկտեմբեր 2003։ Ամեն. Ս. Պատրիարք հօր գլխաւորութեամբ, ուխտաւորները պիտի այցելեն Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցին, Կտուց անապատի Ս. Յովհաննէս Կարապետ Վանքը, Առտէր կղզեակի մենաստանը, Վարագայ վանքը, Նարեկ գիւղը եւ այլ պատմական տեսարժան վայրեր։
Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը ժամը 15.00ին ընդունեց Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Նազարէթ Էօզսահակեանը եւ տեղեկութիւն ստացաւ եկեղեցւոյ նորոգութեան մասին։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 16.00ին ընդունեց Պետական Օփերայէն երգիչ Իւմիթ Սաքմանը։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 17.00ին ընդունեց Իշխանաց Կղզիներու հոգեւոր հովիւ հոգշ. հայր Թաթուլ Աբեղայ Անուշեանն ու Թաղային Խորհուրդի անդամները, որոնք խորհուրդի Դիւանին մէջ եղած փոփոխութիւնները տեղեկացուցին մեր հոգեւոր Պետին։ Ատենապետի պաշտօնին կոչուած է Ատամնաբոյժ Յարութիւն Տիմիճիօղլու, իսկ Բ. Ատենապետի պաշտօնին` Լեւոն շատեան։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 19.00¬21.00ին նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ եւ Սահակեան Վարժարանի Մատաղօրհնութեան Կարգադիր Յանձնախումբի սարքած հանգանակութեան ընթրիքին, որ տեղի ունեցաւ Սամաթիոյ եկեղեցւոյ բակին մէջ։ Մեր հոգեւոր Պետը համայնքային եւ թաղային վարչութեանց անդամներուն յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ 2003¬2004 դպրոցական տարուան Վերամուտին առիթով։
ՍԵՊՏ 9, Գշ. ¬ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը ժամը 10.00ին ընդունեց Ուըրլտ Վիժըն Միջազգային Գործակալութեան թղթակից Պարպարա Պէյքըրը, որ հայոց Պատրիարքութեան Ս. Խաչ Դպրեվանքի Ընծայարանի բաժնին եւ Յունաց Պատրիարքութեան հէյպէլի Կղզիի Դպրեվանքին վերաբացման հարցով յօդուած մը կը պատրաստէր։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 11.00ին ընդունեց Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Տ. շահան Արքեպիսկ. Սվաճեանը, որ Բշ. ուշ երեկոյեան հայաստանէն Թուրքիա վերադարձած էր։ շահան Սրբազան փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն հայոց Կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյններն ու զեկուցեց իր տասնօրեայ ուխտագնացութեան մասին դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 15.00ին ընդունեց հայաստանի հանրապետութեան Կառավարութեան Աշխատակազմի Ղեկավար` Նախարար Փոխ¬Վարչապետ Մանուկ Լ. Թօփուզեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ պաշտօնական գործուղմամբ Պոլիս կը գտնուէր Չարաշահումներու Դէմ Պայքարի Միջազգային համագումարին մասնակցելու համար։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 16.00¬18.00ին նախագահեց Պատրիարքական Աթոռի պարբերական տեղեկատու «Լրաբեր»ին խմբագրական կազմի ժողովին։
ՍԵՊՏ 10, Դշ. ¬ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը ժամը 10.00ին ընդունեց Մարդկային Իրաւանց Միջազգային հիմնարկի Գերմանիոյ վարչութեան պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ Տքթ. Ուալթըր Ֆլիքի։ Պատուիրակութիւնը Պոլիս կը գտնուէր Թուրքիոյ հանրապետութեան Եւրոմիութեան անդամակցութեան կապակցութեամբ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր կեդրոնները այցելելու նպատակով։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 11.00ին ընդունեց Միջեկեղեցական Գաղթականաց Յանձնախումբի վարչութեան անդամները։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 15.00ին ընդունեց Գուրուչէշմէի Ս. Երեւման Խաչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետուհի Իրմա Փոլատը։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 16.00ին ընդունեց Ֆրանսայի նոր Աւագ հիւպատոս` ժան¬Քրիստոֆ Փոսէլի քաղաքավարական այցելութիւնը։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 19.00ին Գումգաբուէն Գնալը Կղզի անցաւ եւ Պատրիարքական Ամարանոցին մէջ պատուասիրեց հհ Կառավարութեան Աշխատակազմի Ղեկավար` Նախարար Փոխ¬Վարչապետ Մանուկ Լ. Թօփուզեանը եւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները։ Մեր համայնքէն ներկայ եղան Եդուարդ Գովան, Սեդրաք Տաւութհան, Մաքրուհի Պ.Յակոբեան, Յակոբ եւ Վարդուհի Մըսըրլեան։
ՍԵՊՏ. 11, Եշ. ¬ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը կէսօրէ առաջ Գնալը Կղզիէն քաղաք իջաւ եւ ժամը 14.00ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ս.Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի Տնօրէն Թօրոս հաքկէօրը։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 15.00ին ընդունեց Քրիստոսի Միացեալ Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէ ժամանած պատուիրակութիւնը։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 16.00ին ընդունեց Նիւ Եորք ¬ Նիւ Ճըրզիի Պոլսոյ Ազգային հաստատութիւններու Օգնութեան Միութենէն Պերճ Արազն ու իրեն ընկերակցող Յակոբ Տէմիրճեանը։ Այցելուները մեր հոգեւոր Պետին հաղորդեցին, որ վերոյիշեալ Միութիւնը նախաձեռնած է հայաստանի մէջ դպրոց մը կառուցել ի յիշատակ Պոլսոյ երբեմնի Նոր Դպրոցի հանգուցեալ հիմնադիր եւ տնօրէն` Յովհաննէս Թ. հինդլեանի։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 17.00ին ընդունեց նախկին Պոլսահայ այժմ Գերմանիա բնակող մամլոյ թղթակից Կարպիս Քէշիշօղլուն։
ՍԵՊՏ. 12, Ուր. ¬ Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը ժամը 09.00ին խորհրդակցական հանդիպում ունեցաւ Պատրիարքական Աթոռի Լուսարարապետ` Գերշ. Տ. Արամ Եպիսկ. Աթէշեանի հետ։ Քննարկուեցան Խաչվերացի տաղաւարի նախօրէին Պալաթի Սրբոց հրեշտակապետաց Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած պատրաստութիւնները։
Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 11.00ին ընդունեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները գլխաւորութեամբ Ատենապետ Իսկենտէր շահինկէօզի։ Թաղային Խորհուրդը Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւն փոխանցեց Օրթագիւղի եկեղեցապատկան կալուածներուն մասին։
Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենադպիր` Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, յանուն Ամեն. Ս. Պատրիարք հօր, ժամը 19.00¬22.00ին ներկայ եղաւ Վարչապետ ր.Թ. Էրտողանի բանախօսութեան ու յաջորդող ընթրիքին որ տեղի ունեցաւ Չրաղան Պալատին մէջ։
ԴԻՒԱՆ ՊԱՏրԻԱրՔԱրԱՆԻ
Yorumlar kapatıldı.