Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը երէկ ժամը 18.00ին Պատրիարքարանի Գարեգին Բ Պատրիարք Գազանճեան յարկաբաժնին մէջ ընդունեց զանազան թաղերէ եկած եկեղեցասէր երիտասարդներու խումբ մը։
շուրջ քառասուն երիտասարդներ եկած էին Երիտ խումբի մէկտեղման երկրորդ տարեդարձը նշելու նպատակով։ Այս առիթով ունեցած իր ելոյթին մէջ Պատրիարք հայրը խօսեցաւ հետեւեալ կերպով. «Այս ամառ բացի Վագըֆգիւղի ուխտագնացութենէն ճիշդ է որ մեր երիտասարդներուն շատ ժամանակ չկրցանք տրամադրել։ Ինչպէս գիտէք Պատրիարքարանիս վերանորոգութեան վերջնական փուլերով զբաղած ենք։ Պատրիարքարանի անձնակազմը Վարդավառէն ի վեր պատմական շէնքին մէջ աշխատիլ սկսած է, տեղաւորման եւ քարտուղարութիւններու վերակազմակերպման դժուարին գործը կը շարունակուի։ շէնքի ներքին յարդարման դժուարին գործն ալ դեռ քանի մը շաբաթ կը տեւէ եւ ապա պաշտօնական բացումը կը կատարուի։ Պատրիարքարանը մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն բաց պիտի ըլլայ։ Մանաւանդ Մատենադարանը բացուելէ ետք ես վստահ եմ որ երթեւեկը աւելի պիտի աշխուժանայ։ Ժողովուրդի այցելութեան օրեր ալ պիտի յայտարարուին։ Կարեւոր է որ մեր երիտասարդները յաճախ այցելեն Պատրիարքարան եւ շփուին իրենց հոգեւոր կեդրոնին հետ։ Առիթներ յաճախ կը ստեղծուին»։
Yorumlar kapatıldı.