İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏրԻԱրՔ հԱՅրԸ ՎԵրԱՄՈՒՏԻ ԱՌԻԹՈՎ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԱՂԹԵՑ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը երէկ Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան առիթով Կիւլպէնկեան Սրահին մէջ սարքուած Սիրոյ Սեղանին եւս նախագահեց եւ Դպրոցական Վերամուտի առիթով յաջողութիւն մաղթեց մեր բոլոր ուսուցիչներուն, աշակերտներուն եւ վարժարաններու մատակարարներուն։

«հայազգի ամէն հայրենակից իր զաւակը բնականօրէն պէտք է արձանագրէ հայ Վարժարան։ հակառակը անբնական է։ Երիտասարդ ծնողներ կը սխալին մինչեւ իսկ այն պահուն երբ մտածել կը սկսին թէ արդեօք իրենց զաւակը համայնքային վարժարա՞ն արձանագրել տան թէ այլուր։ Այդ մասին մտածել իսկ ճիշդ չէ։ համայնքային վարժարանները մեր եկեղեցիներուն առընթեր մեր գոյատեւման յենակայաններն են։ Օտար մասնաւոր վարժարաններուն 10¬12 միլիառ թոշակ վճարող ծնողներ սխալ կ՛ընեն։ 2-3 միլիառով իրենց զաւակները համայնքային վարժարան պէտք է ուղարկեն, ուր անոնք կը սորվին մեր մայրենի ոսկեղնիկ լեզուն եւ Քրիստոնէական։ Մեր վարժարանները լաւ են եւ ես կը հաւատամ որ հետզհետէ աւելի ալ կը բարելաւուին։ Ես Վերամուտի առիթով անգամ մը եւս մեր վարժարաններու բոլոր մատակարար մարմիններուն, տնօրէններուն, ուսուցչաց դասուն եւ մեր բոլոր սիրասուն աշակերտներուն յաջողութիւն կը մաղթեմ»։

Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը ապա այցելութիւն տուաւ Սկիւտարի մեր վարժարաններուն` Ս. Խաչ Դպրեվանքի եւ Գալֆաեան վարժարանի։ Նորին Ամենապատուութիւնը զրուցեց տնօրէններուն եւ հոգաբարձուներուն հետ, դասարանները, խաղավայրերը, սեղանատուները շրջեցաւ եւ գրատախտակներու վրայ իր ձեռագրով յաջողութեան մաղթանքներ թողուց այս առաւօտ դպրոց վերադարձող աշակերտներուն։

Yorumlar kapatıldı.