7 Սեպտեմբեր Կիրակի առաւօտ Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով տօնուեցաւ եկեղեցւոյ Ներսէսեան Դպրաց Դասու հիմնադրութեան 146րդ եւ վերակազմութեան 21րդ կրկնակ տարեդարձերը։
Արարողութեանց նախագահեց Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը։ 0րուան Ս. Պատարագը մատոյց հոգշ. հ. Թաթուլ Աբեղայ Անուշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Ռոպէր Սրկ. Ք.Աքպուլութ, Բրշ. Վարդգէս Սրկ. Փէստիլճեան, Բրկ. Սահակ Կսրկ. Պչաքճը, Բրկ. Անդրանիկ Կսրկ. Տէմիրճիօղլու, Բրկ. Ուր. Արթուն Դպ. Թէքիրօղլու եւ դպիրներ։ Իսկ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան Դպրաց Դասու կողմէ, առաջնորդութեամբ Թագսիմի Ս. Լուսաւորիչ Երգչախումբի վարիչ` Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ շանթ Էօզպիւլպիւլի։ Կղզեաց Թաղային Խորհուրդի անդամները լրիւ կազմով ներկայ էին գլխաւորութեամբ Ատամնաբոյժ Յարութիւն Տիմիճիօղլուի։ Եկեղեցին ու բակը լեցուած էին հաւատացեալներու բազմութեամբ։ Առաքելական Թուղթերն ու ընդհանուր խոստովանութիւնը կարդաց Պատրիարք հայրը։ Բազմաթիւ հաւատացեալներ Ս.Խորան մօտեցան Սուրբ հաղորդութիւն ստանալու համար։
Քարոզը
Յաւարտ Ս. Պատարագի Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը քարոզեց եւ անդրադարձաւ, որ մուտք կը գործենք Խաչվերացի պահքի շաբաթէն ներս, երբ կը հրաւիրուինք մտածելու կատարեալ կեանքի եւ բժշկութեան մասին։ Ամէն ինչ որ գոյութիւն ունի, Աստուծոյ ստեղծագործութիւնն է։ Աստուծոյ շնորհներէն է նաեւ բժշկութիւնը, զոր կը խնդրենք մեր մարմնական, մտային եւ հոգեկան հիւանդութիւններուն համար։ շատեր կը սխալին երբ կրօնքն ու գիտութիւնը իրարու հակադիր կը նկարագրեն։ Երկուքն ալ շնորհներ են։ Երկուքին ալ ակն ու աղբիւրը Աստուած է։ Աստուած պարգեւատու է, քանի որ Ան սէր է։ «Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր Միածին Որդին տուաւ»։ Մեր հոգեւոր Պետը ըսաւ թէ Քրիստոս, մարդկութեան հանդէպ ունեցած անսահման սիրոյն պատճառաւ տուաւ Իր կեանքը։ Ապա անդրադառնալով մատաղի գաղափարին, Պատրիարք հայրը ըսաւ թէ կայ Մէկ Զոհ, Մէկ Պատարագ Քրիստոնեաներուն համար` նոյնինքն մեր Տէրն ու Փրկիչը Յիսուս Քրիստոս։
Իրմէ բացի ոչ ոք կամ ոչինչ մեր մեղքերուն քաւութիւն եւ թողութիւն կը բերէ։ Ապա յիշեց հին Ուխտի այն համարը ուր կ՛ըսուէր. «Անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք» ¥Եսայի ԾԳ.4¬5¤։ Մատուցուած ամէն Ս. Պատարագ, պատմութեան մէջ միանգամ մատուցուած Աստուածային Մեծ Պատարագէն մեզի հասնող կաթիլ մըն է, շնորհք մըն է, որով հաղորդ կը դառնանք Քրիստոսի խաչելութեան խորհուրդին։
Ս. Պատրիարք հայրը ըսաւ թէ նաեւ տարեդարձն է Գնալը Կղզիի եկեղեցւոյ Ներսէսեան Դպրաց Դասուն։ Յիշեց թէ 1857էն ի վեր այս եկեղեցւոյ մէջ ծառայած են բազմաթիւ անձեր, որոնք 146 տարիներ փառքը երգած են Աստուծոյ։
հոգեհանգիստ
Ապա կատարուեցաւ պաշտօն Ներսէսեան Դպրաց Դասու հովանաւոր պատրիարքներու, նախագահ երէցներու, դպրապետներու, երաժիշտներու, անդամներու, ինչպէս նաեւ կղզիներու վրայ բնակած հայ մշակոյթի տիտաններու հոգիներուն ի հանգիստ։
Սիրոյ Սեղան
Ս. Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ Ներսէսեան սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որուն եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը։ Ներկաները ողջունեց եւ Դպրաց Դասու գործունէութեան տեղեկագիրը կարդաց Տնօրէն Խորհուրդի Ատենապետ Խաչիկ Ճանէլ։
Տեղեկագրի ընթերցման աւարտին ներկաներ, առաջնորդութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ շանթ Էօզպիւլպիւլի երգեցին տոհմիկ երգեր։
Խօսք առաւ հոգշ. հ. Թաթուլ Աբեղայ Անուշեան, որ դրուատեց Ներսէսեան Դպրաց Դասէն ներս տիրող եղբայրական ջերմ մթնոլորտը եւ ուրախութիւն յայտնեց այստեղ հոգեւոր պաշտօնի կոչուած ըլլալուն պատճառով։
հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը եւ ըսաւ թէ ինք, հակառակ այս ամառ Գնալը Կղզի չըլլալուն, մասնաւորաբար փափաքած էր նախագահել Ներսէսեան Դպրաց Դասու տարեդարձին, քանի որ 21 տարիներ առաջ խումբ մը պատանիներու հետ ինք վերակազմած էր սոյն դպրաց դասը։ Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ թէ այսօր բնաւ դիւրին չէ մշակութային, համայնքային եւ եկեղեցական գործունէութիւն ծաւալել Պոլսոյ մէջ. հայ հոգեւորական, ուսուցիչ կամ երաժիշտ պատրաստելու կարոյցներ չկան, հայախօսութիւնը նահանջած է, դպրաց դասեր հետզհետէ կը տկարանան։ Միւս կողմէն, ամէն տեղ, ամէն դար, իր դժուարութիւններն ունեցած է։ Մենք այսօրուան պայմաններուն ներքեւ պէտք է շարունակենք մեր առաքելութիւնը։ հայ Եկեղեցւոյ անփոփոխ առաքելութիւնն է Աւետարանի քարոզչութիւնը եւ պահպանումը հայ հոգեւոր մշակոյթին, որմէ անբաժան են մեր լեզուն, մեր գիրը, մեր գրականութիւնը, մեր երաժշտութիւնը։ Ապա Պատրիարք հայրը յիշեցուց տարիներ առաջ Գնալը Կղզի այցելող մեծ հոգեւորական Մաղաքիա Պատրիարք 0րմանեանի խօսքերը։ Ան շարունակ կը յորդորէր փառած մնալ մեր լեզուին, կրօնքին, մշակոյթին եւ աւանդութեանց։ Այսօր փոխուած են պատանիներու եւ երիտասարդներու նախասիրութիւնները։ Եթէ չկարենանք հաղորդել իրենց մայրենի լեզուի, մշակոյթի ու աւանդութիւններու սէրը, շատ չանցնիր կու գայ այն օրը, երբ այլեւս ասոնց մասին խօսելիք սերունդներ չենք ունենար։ Պատրիարք հայրը ըսաւ որ ահաւասիկ այստեղ է, որ կարեւոր դեր ունին մեր դպրաց դասերը։
Սիրոյ սեղանը վերջ գտաւ Պատրիարք հօր օրհնութեամբ եւ Տէրունական Աղօթքով։
Yorumlar kapatıldı.