Ֆրանսայի նոր Աւագ հիւպատոսը` Պրն. Ժան¬Քրիստոֆ Փոսէլ 10 Սեպտեմբեր 2003 Չորեքշաբթի երեկոյեան քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ հայոց Պատրիարքութեան եւ ժամը 16.00ին ընդունուեցաւ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հօր կողմէ։
Պրն. Փոսէլ, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք հօր տեղեկութիւններ փոխանցեց իր դիւանագիտական նախորդ պաշտօններուն մասին, ընդգծեց որ Ֆրանսայի մէջ բարձր կը գնահատուի Ֆրանսահայ համայնքի ներդրումը հասարակական կեանքէն ներս։ Պրն. Փոսէլ հիացումով արտայայտուեցաւ նաեւ հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մասին զոր Երուսաղէմի հայոց Պատրիարքութեան շնորհիւ մօտէն ճանչնալու առիթն ունեցած է Իսրայէլ պաշտօնավարելու ժամանակ։ Պրն. Փոսէլ ըսաւ որ Պոլսոյ իր պաշտօնավարութեան տարիներուն կը յուսայ զանազան առիթներով պահել իր կապը հայոց Պատրիարքութեան եւ համայնքին հետ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը բարի գալուստ եւ յաջողութիւն մաղթեց Ֆրանսայի նոր Աւագ հիւպատոսին եւ իրեն տեղեկութիւններ փոխանցեց Պոլսոյ Պատրիարքութեան եւ Թուրքիոյ հայ համայնքին անցեալին ու ներկային մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը անգամ մը եւս ընդգծեց, որ բոլոր Քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու կողքին, հայ համայնքն ալ, որ միւս բոլորը կը գերազանցէ իր անդամներու թիւով, լրիւ կը ձայնակցի Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան, այն յոյսով որ Թուրքիոյ մէջ եւս կեանքի բոլոր ոլորտներուն կարելի կ՛ըլլայ ապահովել Եւրոպայի նուազագոյն մակարդակը։
Պրն. Ժան¬Քրիստոֆ Փոսէլ հայոց Պատրիարքարանէն բաժնուեցաւ պատուոյ տոմարը ստորագրելէ եւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ իր ուխտի աղօթքը կատարելէ ետք
Yorumlar kapatıldı.