Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը 1 Սեպտեմբեր Երկուշաբթի ժամը կէսօրէ ետք Պատրիարքարանին մէջ կարգաւ ընդունեց ճարտարապետներ Գէորգ Էօզքարակէօզը եւ Էօմէր Պորթաչինան, Պէլկէ հրատարակչատան տէր` մտաւորական եւ գրագէտ Ռակըփ Զարաքօլուն, լրագրող րաֆֆի հերմոն Արաքսը, Թուրքիոյ Կաթոլիկ Եպիսկոպոսներու Ժողովի Ատենապետ Գերշ. Մոնս. Ռուճճէրօ Ֆրանչեսքինին։ Նորին Ամենապատուութիւնը հուսկ ժամը 19.00ին նախագահեց համակարգիչի ճարտարագէտ Մուրապ Էօզքանի ատենապետած ժողովին, որ գումարուած էր Պատրիարքարանի համակարգիչի համացանցին նորոգութեան հարցով։ Ժողովին ներկայ եղան Աւետիս Պոյաճեան, Զիւէր Ալլէն Մալխասեան, Արտա Չավտար, Արտա Քազան եւ հրաչ Քասափօղլու։
Yorumlar kapatıldı.