İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏրԻԱրՔԸ ԵրԷԿ Ս.ՓրԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ հԻՒԱՆԴԱՆՈՑ ԱՅՑԵԼԵՑ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը 1 Սեպտեմբեր 2003 Երկուշաբթի օրը անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Նորին Ամենապատուութիւնը Բժշկապետի Տեղակալ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեանի հետ կարճ խորհրդակցութենէ մը ետք` ուղեկցութեամբ Տքթ. Մարտիրոս Ենիեորկանի այցելութիւն տուաւ շարք մը հիւանդներու եւ պատսպարեալներու։
Նորին Ամենապատուութիւնը ապա ներկայ եղաւ Ս. Պատարագին, զոր Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան կը մատուցէր հիւանդանոցի Մատրան մէջ։ հուսկ, մեր հոգեւոր Պետը խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ Ս.Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներէն ներկայ գտնուողներուն հետ, գլխաւորութեամբ Սեդրաք Թոքատի եւ Պետրոս շիրինօղլուի։

Yorumlar kapatıldı.