İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ՊԱՏրԻԱրՔԱրԱՆԷՆ ԼՈՒրԵր

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը 29 Օգոստոս 2003 Ուրբաթ կէսօրէ առաջ Պատրիարքարանի իր պաշտօնարանին մէջ ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Փրֆ. Տքթ. Ռոնալտ Մարքիզն ու Տքթ. Մառլէն Պրէուն, որոնք Պոլսահայ եկեղեցիներու մէջ օգտագործուող ասեղնագործ իրեղէններու մասին լայնածաւալ գիրք մը կը պատրաստեն։ Պատրիարքական Աթոռի Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Եպիսկ. Աթէշեան հրատարակութեան պատրաստութեան կը սատարէ զանազան եկեղեցիներէն ձեռական արուեստի ընտիր նմոյշներ յայտնաբերելով։ Գունաւոր լուսանկարներու պատրաստութիւնը ստանձնած է Արման Իսփիրօղլու։ Իսկ Պատրիարք հայրը յառաջիկայ օրերուն կը զբաղի գիրքի վերջնական խմբագրութեամբ։ Չիթլէնպիկ հրատարակչատան կողմէ հրատարակուող գիրքը մեծ հաւանականութեամբ լոյս կը տեսնէ Ամանորէն առաջ։

Երէկ ժամը 13.00էն սկսեալ Պատրիարքարանի Դիւանին մէջ աշխատանքային ժողով գումարեցին Պատրիարքարանի գլխաւոր ճարտարապետ Գէորգ Էօզքարակէօզ, Նորոգութեան Յանձնախումբի ատենապետ ճարտարապետ Արման շիրին, Պատրիարքարանի հաշուեքննիչ Արշակ Փոլատ եւ իրենց աշխատակիցները, քննարկելու համար Պատրիարքարանի համալիրի նորոգութեան Օգոստոս ամսուան ծախսերը։

Ժամը 15.00ին, Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրն ընդունեց Թէրճիւման թերթի քրոնիկագիրներէն լրագրող Մէհմէթ Կիւնտէմը, որ կը հետաքրքրուէր Օսմանեան սուլթաններու կողմէ հայոց Պատրիարքութեան տրուած հրովարտակներով։ Նորին Ամենապատուութիւնը բացատրութիւններ տուաւ հրովարտակներէն ոմանց մասին, որոնք Պատրիարքարանի ներքին պատերուն վրայ կախուած էին։

Ժամը 16.00ին, Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը ընդունեց համաշխարհային Յուշարձաններու հիմնարկի աշխատակիցներէն ճարտարապետ Կլէնն Պուրնազեանը։ Նիւ Եորք բնակող հայազգի գիտնականը հետաքրքրուեցաւ Պատրիարքարանի պատմական շէնքով եւ շնորհաւորեց գլխաւոր ճարտարապետ Գէորգ Էօզքարակէօզն ու Նորոգութեան Յանձնախումբի բոլոր անդամները տարուած բծախնդիր գործին համար։ Պուրնազեան ապա շրջեցաւ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ համալիրը եւ հրաժեշտ առաւ գոհունակութեամբ։

Ժամը 18.00ին, Նորին Ամենապատուութիւնը Գումգաբուէն Գնալը Կղզի ուղեւորուեցաւ Կարպիս Էգնաեանի զբօսանաւով, եւ ժամը 20.00ին պատուեց Պատրիարքարանի մամլոյ բանբեր իրաւաբան Լուիզ Պաքարի կողմէ տրուած ընդունելութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ դարաւանդին վրայ։ Պաքար ընտանիքի անդամները, հոգշ. հայր Թաթուլ Աբեղայ Անուշեան, ութը օտար երկիրներէ ժամանած հիւրեր, Նոթրը Տամ տը Սիոն Ֆրանսական վարժարանէ դասընկերուհիներ, իրաւաբաններ, համայնքային գործիչներ, թուրք եւ օտար լրագրողներ, դիւանագէտներ եկած էին շնորհաւորելու Լուիզ Պաքարի ծննդեան վաթսուներորդ տարեդարձը։

Yorumlar kapatıldı.