Յոյն Օրթոտոքսներու Բարթոլոմէոս Ա եւ հայոց Մեսրոպ Բ պատրիարքները 30 Օգոստոս 2003 շաբաթ ժամը 11.00ին հանդիպում ունեցան Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանին մէջ։
Խորհրդակցութեան ընթացքին, Բարթոլոմէոս Պատրիարքը իր հայ պաշտօնակցին տեղեկութիւն փոխանցեց Վարչապետ Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի հետ Անգարայի մէջ ունեցած հանդիպման մասին։ Բարթոլոմէոս Պատրիարքի համաձայն, Վարչապետ Էրտօղան համաձայնութիւն յայտնած է, որ վերստին բացուի Յունաց Պատրիարքութեան հէյպէլի Կղզիի հոգեւոր Դպրանոցը։ Այնուհանդերձ Վարչապետը յայտնած է, որ Յունաց հէյպէլիի Դպրեվանքի կարգավիճակը պէտք է համաձայնի Թուրքիոյ հանրապետութեան օրէնքներուն։ Բարթոլոմէոս Պատրիարք Վարչապետ Էրտօղանին հաւաստիացուցած է, որ Յունաց Պատրիարքութիւնը համաձայն է, որ հէյպէլիի Դպրեվանքը ենթարկուի Ազգային Կրթութեան Նախարարութեան հսկողութեան։
Իր կարգին Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը իր Յոյն պաշտօնակցին անգամ մը եւս պարզած է հայոց Պատրիարքութեան կեցուածքը սոյն հարցի կապակցութեամբ, որուն համաձայն Սկիւտարի Ս. Խաչ Լիսէի կից Ընծայարանի բաժին մը կարելի է բանալ, ինչպէս կը փափաքէր Երանաշնորհ Գարեգին Ա Պատրիարք Խաչատուրեանը։ Այս Ընծայարանին մէջ կը պատրաստուին լիսէաւարտ ուսանողներ որոնք կը փափաքին կրօնաւոր կամ կրօնաւորուհի դառնալ։ Նոյն Ընծայարանի հայերէն լեզուի, գրականութեան, մշակոյթի, գեղարուեստի պատմութեան եւ կրօնագիտութեան դասերէն կրնան օգտուիլ նաեւ համալսարաններու մէջ մանկավարժութիւն ուսանողներ, որոնք կը փափաքին ուսուցչագործել հայ վարժարաններէն ներս։ Երկրորդ կարելիութիւն մըն է, Պոլսոյ համալսարաններէն որեւէ մէկուն մէջ Քրիստոնեայ Աստուածաբանութեան բաժին մը բանալ, ուր կը դասաւանդեն Քրիստոնեայ մասնագէտներ։ Միեւնոյն բաժինը կարելի է որ ընդգրկէ փոքրամասնութիւններու հին դասական եւ արդի լեզուներու քերականութիւնը, գրականութեան եւ մշակոյթի դասեր, որմէ կրնան օգտուիլ նաեւ ուսուցչութեան թեկնածուներ։ Պատրիարք հայրը ըսաւ, որ երրորդ կարելիութիւնն ալ հէյպէլիի Դպրեվանքին մէջ հայազգի ուսանողներու արձանագրուիլն է համաձայնութեամբ զոյգ պատրիարքութիւններու։
Yorumlar kapatıldı.