İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏրԻԱրՔ հԱՅրԸ ՆԱԽԱԳԱհԵՑ ԿԱԶԴՈՒրՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՓԱԿՄԱՆ հԱՆԴԷՍԻՆ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը 30 Օգոստոս 2003 շաբաթ յետ միջօրէին, Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի

զբօսանաւով Պէպէքէն դէպի Գնալը Կղզի մեկնեցաւ եւ ժամը 16.00ին Կղզիի նաւամատոյցը դիմաւորուեցաւ Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ

հոգեւոր հովիւ հոգշ. հայր Թաթուլ Աբեղայ Անուշեանի, եւ Կազդուրման Կայանի Խնամակալութեան ու Գարակէօզեան Սանուց Միութեան Վարչութեան

ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Պատրիարքական ամարանոցին մէջ շուրջ ժամ մը հանգիստ առնելէ ետք, Նորին Ամենապատուութիւնը նախագահեց Կազդուրման

Կայանի 2003 ամրան շրջանի փակման հանդէսին։ Գեղարուեստական յայտագիրին առընթեր փակման առիթով խօսք առին Կայանի Խնամակալութեան

Ատենապետ ատամնաբոյժ Գարուն Գովան եւ Կայանի Տնօրէնուհի Մարի Գալայճեան։ հուսկ բանքը խօսեցաւ մեր հոգեւոր Պետը, որ իր գնահատանքն ու

օրհնութիւնները փոխանցեց Տնօրէնութեան, Խնամակալութեան, Սանուց Միութեան, Տիկնանց Կազմին, ուսուցիչներուն, հսկիչներուն եւ երիտասարդ

կամաւորներուն, որոնք ձեռք ձեռքի տալով 2003ի ամառն ալ վերածեցին յաջող շրջանի մը։ Նորին Ամենապատուութիւնը յոյս յայտնեց, որ Կազդուրման Կայանը

յառաջիկայ տարիներուն իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս կը դնէ իբրեւ Ամրան Դպրոց եւ կը ծառայէ ոչ միայն կայանի կացարանին մէջ գիշերօթիկ մնացող

սաներուն այլ նաեւ համայնքի անխտիր բոլոր զաւակներուն։ Փակման հանդէսը վերջ գտաւ մեր հոգեւոր Պետին օրհնութեամբ եւ միաբերան երգուած Տէրունական

Աղօթքով։

Yorumlar kapatıldı.