İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏրԻԱրՔ հԱՅրԸ ՊԱՏՈՒԵՑ ՈՍԿԷ ԱՄՈՒԼԻ հԱրՍԱՆԻՔԸ

Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան անդամներէն Վարդան¬Վարդավառ համուրքէսէնի դուստրը Սէլին համուրքէսէն 30 Օգոստոս 2003 շաբաթ

ժամը 16.30ին Բերայի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ պսակուեցաւ Զուիցերիացի Փաթրիք Ոսկէի հետ։ Ս. Պսակի խորհուրդին նախագահեց Պատկ. Կրօնական

Ժողովի Ատենապետ` Գերշ. Տ. Արամ Ս. Եպիսկ. Աթէշեան։

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը, Գնալը Կղզիի Կազդուրման Կայանի Փակման հանդէսէն անմիջապէս ետք, Տիգրան եւ Նատիա Կիւլմէզկիլ ամոլի

զբօսանաւով Կղզիէն իջաւ եւ պատուեց նորապսակ Ոսկէ ամոլի հարսանեկան ընթրիքը, որ տեղի ունեցաւ Սիրքէճիի համմամ ճաշարանին մէջ։ Նորին

Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց նորապսակ զոյգը եւ երջանկութիւն մաղթեց իրենց։ Կիլմէզկիլ ամոլին առընթեր, հարսանեկան ընթրիքին ներկայ էին Սեդրաք

Թոքաթ, Պետրոս շիրինօղլու, հրանդ Էօզֆըրընճը, Գէորգ Օքճու իրենց կողակիցներով եւ բազմաթիւ հրաւիրեալներ։

Yorumlar kapatıldı.