İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

lraper: ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏրԻԱրՔ հԱՅրԸ շՆՈրհԱՒՈրԵՑ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՏՕՆԸ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը 30 Օգոստոս 2003 շաբաթ ժամը 09.30ին, ընդառաջելով Ա. Բանակի հրամանատար` Աւագ Զօրավար Եաշար Պիւյիւքանըթի հրաւէրին, իր մասնակցութիւնը բերաւ հարպիյէի Բանակատան մէջ տեղի ունեցող շնորհաւորութեան հանդիսութեան։ Նորին Ամենապատուութեան կ՛ուղեկցէր Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենադպիր` Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քհնյ. Տամատեան։

Յաղթանակի Տօնի 81րդ տարեդարձին առիթով սարքուած ընդունելութեան ներկայ եղան Պոլսոյ Կուսակալը, հրամանատարներ, Թուրք եւ օտար դիւանագիտական շրջանակներ, կրօնական համայնքներու հոգեւոր պետեր։

Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը Զօրավար Պիւյիւքանըթին Յաղթանակի Տօնը անձամբ շնորհաւորեց եւ այս առթիւ փոխանցեց Թուրքիոյ հայոց բարեմաղթութիւնները։

Միւս կողմէ, Նորին Ամենապատուութիւնը նամակ մը յղեց Ընդհանուր հրամանատար եւ Սպայակոյտի Նախագահ` Աւագ Զօրավար հիլմի Էօզքէօքին եւ յանուն Պատրիարքական Աթոռին եւ Թուրքիոյ հայերուն շնորհաւորեց բանակին Յաղթանակի Տօնը։

Yorumlar kapatıldı.