Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք հայրը 31 Օգոստոս 2003 Կիրակի առաւօտեան պաշտամունքին եւ Ս. Պատարագին ներկայ եղաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ
Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, ուր ժամարարն ու պատարագիչն էր հոգշ. հայր Եղիշէ Աբեղայ Ուչքունեան։ Երգեցողութիւնը կը կատարուէր Գողթան Դպրաց Դասու
անդամներուն կողմէ առաջնորդութեամբ երաժիշտ Գէորգ Չամի։ հակառակ ամրան աննախընթաց տօթին, Մայր Տաճարի նստարաններուն մեծ մասը լեցուած էին
հաւատացեալներով։ Ներկաներուն մեծ մասը հայաստանցիներ էին, կային նաեւ Ամերիկայէն եւ Լիբանանէն ժամանած հայազգի զբօսաշրջիկներ։
Պատրիարք հայրը իր խօսած քարոզին մէջ մեկնաբանութիւն տուաւ Փոթորիկի Խաղաղեցման հրաշքին, որ արձանագրուած է Մատթէոսի ¥8.18¬27¤, Մարկոսի
¥4.35¬41¤ եւ Ղուկասի ¥8.22¬25¤ աւետարաններուն մէջ։ Պատրիարք հայրը փոթորկող լիճը նմանցուց կեանքին։ Արդարեւ մարդուն կեանքը յանկարծ կրնայ փոթորկիլ
բազմաթիւ եւ զարմանազան անսպասելի ազդակներու հետեւանքով։ Ասկէ փախուստ չկայ։ Պէտք չէ վախնալ նման երեւոյթներէ։ Պէտք է հաւատալ Աստուծոյ
տէրութեան։ Աստուած ոչ միայն ամէն ինչ ստեղծեց եւ գոյացութեան բերաւ, այլ նաեւ այս պահուն Տէ՛րն է Իր ստեղծագործութեան, Տէ՛րն է կեանքին։ Աստուծոյ
Տէրութեան հաւատալ կը նշանակէ քաոսէ ազատիլ, կարգ ու կանոնի մէջ մտնել։
Մեր ընկերային, հաւաքական կեանքն ալ այսպէս է։ Պէտք ունինք կրօնական, տոհմիկ, աւանդական կառոյցներու, օրէնքներու, կանոններու որպէսզի համայնքին
մէջ ապահովենք նուազագոյն միասնականութիւն։ Երբ համայնքի անդամները տեղեակ չըլլան մեր աւանդութիւններուն, մեր հոգեւոր մշակոյթին եւ
ժառանգութեան, եթէ եւ երբ ամէն մարդ պնդելով պնդէ իր տեսակէտներուն վրայ, այն ժամանակ համատարած կը դառնայ քաոսը։
Yorumlar kapatıldı.