İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Քրիստոնէական Միասնութեան Պապական Խորհուրդի նախագահ՝ Կարտինալ Կուրտ Քոխ Այցելեց Պատրիարքարան

Ուրբաթ, 13 Փետրուար, 2026-ին, առաւօտեան ժամը 9-ին, Քրիստոնէական Միասնութեան Պապական խորհուրդի նախագահ՝ Կարտինալ Կուրտ Քոխ, առաջնորդութեամբ Սուրբ Երկրի Պապական Նուիրակ՝ Գերապայծառ Տ. Ատոլֆօ Արքեպիսկոպոս Տիտօ Ըլանայի այցելեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցաւ Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան Պատրիարք Սրբազան Հօր հետ:

Հանդիպման ընթացքին Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայր բարձր գնահատեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու միջեւ եղած եղբայրական յարաբերութիւններն ու համագործակցութեան ոգին:

Կարտինալ Քոխ շնորհակալութիւն յայնելով Պատրիարք Սրբազան Հօր, ուրախութեամբ յայնտեց թէ իր համար մեծ պատիւ է գտնուիլ Հայոց Պատրիարքարանի կամարներուն տակ, ազգի մը Պատրիարքարանէն ներս, որ առաջինն ընդունած է Քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն, որն ունի քրիստոնէական խոր արմատներ, հարուստ մշակոյթ եւ հակառակ բազմաթիւ արհաւիրքներուն մինչեւ այսօր անսասան պահպանած է քրիստոնէական իր արժէքները:

Հանդիպմանը ներկայ էին նաեւ Տնօրէն Ժողովի Ատենապետ՝ Գերաշնորհ Տ. Թէոդորոս Եպիսկոպոս Զաքարեան, Աւագ Թարգման Հոգեշնորհ Տ. Վազգէն Վարդապետ Ալէքեան եւ Դիւանապետ Հոգեշնորհ Տ. Աղան Վարդապետ Գոգչեան:

https://www.facebook.com/photo?fbid=1323537879808378&set=pcb.1323549739807192

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın