Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 9 Դեկտեմբեր 2025, Երեքշաբթի, ընդունեց Թուրքիոյ Հրեայ համայնքի հոգեւոր պետ՝ Ռավ Տաւիտ Սիվիյի այցելութիւնը։ Այցելութեան ներկայ եղան Խախամապետի դիւանապետ Եուսուֆ Ալթունթաշ, օգնականը եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Հիւր Հոգեւոր Պետը յայտնեց, որ փափաքած էր այցելել ու անձամբ շնորհակալութիւն յայտնել Նորին Ամենապատուութեան, քանի մեր Հոգեւոր Պետը անձամբ մասնակցած էր նոր Խախամապետի պաշտօնի ձեռնարկման օրհնութեան արարողութեան ու շնորհաւորած էր զայն։
Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Խախամապետի սոյն քաղաքավարական այցելութեան համար ու անգամ մը եւս արեւշատութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրեն։
https://www.facebook.com/photo/?fbid=774992325560850&set=a.135021036224652


İlk yorum yapan siz olun