İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԽԱԽԱՄԱՊԵՏԻՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 9 Հոկտեմբեր 2025, Հինգշաբթի, Նեվէ Շալոմ Սինակոկի ընդունելութեան սրահին մէջ այցելեց Թուրքիոյ Հրեայ համայնքի հոգեւոր պետ՝ Ռավ Տաւիտ Սիվին: Այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կ’ընկերանար Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան:

Ինչպէս ծանօթ է, Ռավ Իսհաք Հալէվայի վախճանումէն ետք, ընտրուեցաւ Ռավ Տաւիտ Սեվին:

Մեր Հոգեւոր Պետը իր, հոգեւոր դասու եւ Հայ համայնքի անունով շնորհաւորեց նորընտիր Խախամապետը եւ արդիւնաւոր պաշտօնավարութեան շրջան մը մաղթեց իրեն:

Շնորհաւորական այցելութեան ներկայ էին նաեւ քաղաքիս քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը եւ ներկայացուցիչները:

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın