Մեծ կորուստ մը հերթական անգամ ցաւալի իրականութեան մը հետ դէմ յանդիման թողուց պոլսահայութիւնը։ Մերօրեայ նուիրեալ գործիչներէն մէկը՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլ հեռացաւ երկրային կեանքէն, անփոխարինելի դատարկութիւն ստեղծելով համայնքի սրտին մէջ։
Ազգային բարերարի մահուան լուրը արագօրէն տարածուեցաւ համայնքային բոլոր շրջանակներէն ներս, ընտանիքի հետ սուգի մէջ թողլով հարազատներ, գործընկերներ, բարեկամներ, որոնց հետ հաց կիսած էր, որոնց հետ աշխատած էր կամ մէկտեղուած՝ որեւէ նախաձեռնութեան համար։
75 տարեկան էր։ Ծննդավայր Սեբաստիայէն Իսթանպուլ գալով կրթութիւն ստացած էր նախ Գարակէօզեան որբանոցի, ապա Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ։
Կանուխ տարիքին նետուած էր գործի ասպարէզի մէջ։ Հիմնեց «Չաղտաշ ֆաքթորինկ»ը, դարձած՝ «Մելիքս» շինանիւթերու, «Կլոպալ» պտղաջրերու, «Չաղտաշ կրուփ» շպարի եւ բժշկական արտադրութիւններու, նաեւ «Մայա իջեւանատուն» զբօսաշրջական ընկերութիւններու սեփականատէր, «ՍԷՎ» հիմնարկի վարչութեան, նաեւ «Կալաթասարայ» մարզական ակումբի հոգաբարձութեան անդամ։
Բայց…։
Երբեք ու երբեք չմոռցաւ Գարակէօզեանի մէջ անցուցած տարիները. անձնական, ընտանեկան, ընկերային ու բարեկամական կեանքէն զատ, ունեցաւ հարազատ տուն մը եւս՝ Գարակէօզեանը, վերջին 25 տարիներուն անխաթար սիրով ու հաւատքով ծառայելով այդ յարկին։
Գարակէօզեան Որբանոցի խնամակալութիւնը, առաջնորդութեամբ անվախ եւ ճարպիկ Ատենապետին յեղաշրջական ծրագիրներ իրականացուց համայնքին մէջ։ Բոլորիս յիշողութիւններուն մէջ դրոշմուած կը մնան «պայքար»ի դժուար ամիսները, երբ Տիգրան Կիւլմէզկիլ յաջողեցաւ Գարակէօզեանին վերադարձնել «իր տարածքներ»ը, զանոնք մաքրելով ժողովրդական շուկայէն եւ մինիպիւսներու կայանատեղիէն։ Օրուայ պայմաններու տակ, վտանգաւոր ու քիչ մըն ալ արկածախնդրական էին այդ որոշումը, նաեւ յաջորդող գործընթացները, որովհետեւ Խնամակալութիւնը իր դիմաց ունէր «կազմակերպուած» խումբ մը, որ ապօրինաբար «տուրք» կը հաւաքէր տարածքներու շահագործումէն։
Ճիշդը խոստովանելու համար պէտք է ըսենք որ կը վախնայինք ձախողումէն, բայց գործարար մարդուն յատուկ ճկուն միտքն ու հնարամտութիւնը յաղթական ելան այս նախախնամական ծրագիրներու մէջ։ Նախ տարածքները մաքրուեցան, թիզ առ թիզ հաստատուեցաւ անոնց «պատկանելիութիւն»ը, յետոյ համաձայնագրեր ստորագրուեցան, յետոյ կառուցուեցաւ «ՔԷՅ Փլազա»ն (Գարակէօզեան Հայկական Որբանոց) ու Գարակէօզեանը ստացաւ իրեն հասանելիք բաժինը։ Յաջորդեցին օգտաշատ այլ նախաձեռնութիւններ եւս, որոնք կայուն եկամուտ ապահովեցին թէ՛ Գարակէօզեան տան, թէ՛ ճամբայ բացին որ Խնամակալութիւնը օգնութեան ձեռք երկարէր քոյր հաստատութիւններու։
Տիգրան Կիւլմէզկիլ միայն Ատենապետի իր հանգամանքով չէ որ մնաց ծառայութեան պատնէշի վրայ։
Ծառայասէր էր։ Մի՛շտ գնահատեց արուեստը, եղաւ մշակութային անհամար նախաձեռնութիւններու հովանաւոր, իր դրամական միջոցներով կեանքի կոչուեցան բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնք կը շարունակեն խօսեցնել իրենց մասին, այժմ արդէն որպէս մնայուն փաստ՝ լուսանկարներու ընդմէջէն։
Բարեխիղճ էր։ Հայ մշակոյթին ծառայող բոլոր «սպասարկու»ները կը քաջալերէր, մղելով որ ստեղծագործեն, ապրեցնեն «իւրայատկութիւններ»ը։
Լռակեաց էր։ Հոս ու հոն չէր շեփորահարեր ըրածներուն մասին, կը թողուր որ ժողովուրդը գնահատէր։
Սրտաբաց էր։ Կը թողուր որ մարդիկ խօսէին, իրենց ըսելիքը պարզէին առանց քաշուելու եւ վարանումի։
Կը յարգէր։ Այո՛, ազգային բարերար էր, ինքն ալ հասուն տարիք ունէր, բայց գիտէր յարգել համայնքի երախտաւորները, իմաստուն մարդիկը, իրմէ… մեծերը։
Հայր ու մեծհայր էր։ Շուրջ ինը տարի առաջ իր սիրասուն կողակիցը՝ Նատիա Կիւլմէզկիլը կորսնցնելէ ետք, վշտի սփոփանք դարձած էին դուստրն ու փեսան, թոռնիկները, որոնք իր կեանքի աւիշն էին ու սպեղանին։
Վերջին երկու տարիներուն առողջական վիճակը ցնցուած էր։ Հազուադէպ կամ խիստ անհրաժեշտութեան պարագային կը մասնակցէր համայնքային ձեռնարկներու, տակաւ առ տակաւ լուսանկարներու մէջ կը տեսնէինք իր դալուկ դէմքը, յոյս ունենալով որ պիտի վերագտնէր առողջութիւնը։
Չեղաւ…։ Ան ալ գնաց միանալու վերիններուն, մեզ թողլով օրինակելի կեանքի ու ժառանգի տէր բարերարի յիշատակը։
ՄԱՐՄԱՐԱ
https://www.facebook.com/photo/?fbid=640105462382871&set=a.135021036224652


İlk yorum yapan siz olun