Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 16 Յունիս 2025, Երկուշաբթի, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, միջօրէին հասաւ Լոս Անճելոսի Օդակայանը եւ դիմաւորուեցաւ ԱՄՆ-ու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեանի, Ս. Ղեւոնդեան Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեանի եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութեան առթիւ Արեւմտեան թեմէն ներս կազմուած կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Սարօ Մարուքեանի կողմէ։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդուեցաւ հիւրանոց։ Այստեղ կարգադիր յանձնախումբի անդամներ, ինչպէս նաեւ Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Տէրիք Ղուկասեան բարի գալուստ մաղթեցին մեր Հոգեւոր Պետին։
Իսկ ժամը 18.00-ին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընթրիքի սեղանի շուրջ համախմբուեցաւ Կարգադիր Յանձնախումբի անդամներուն հետ եւ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս մի առ մի ծանօթացուց սեղանակիցները, ներկայացնելով նաեւ իրենց համայնքային կեանքէ ներս ունեցած հանգամանքները։ Այս առթիւ գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, բոլոր ներկաներ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին եւ մաղթեցին որ մէկ շաբթուան այցելութիւնը ըլլայ օրհնաբեր։ Պատրիարք Հայրը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց, կազմակերպչական լուրջ աշխատութեան համար։ Ընթրիքի ընթացքին Պոլսահայ ազգային եկեղեցական կեանքի մասին տեղեկութիւններ փոխանցուեցան։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad


İlk yorum yapan siz olun