Կաթողիկէ համայնքի Վիճակաւոր՝ Արհի. Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան շուրջ վեց ամիսէ ի վեր որպէս հոգեւոր առաջնորդ կը ծառայէ իր փոքրիկ հօտին, փորձելով շինիչ եւ բազմակողմանի նախաձեռնութիւններով արթուն պահել թէ՛ համայնքի անդամներուն միջեւ կապը, թէ՛ իր հօտի ներկայութիւնը՝ պոլսահայութեան ընդհանուր իրականութեան մէջ։
Երէկ, 11 Յունիսի կէսօրուայ ժամերուն, խմբագրատանս երդիքին տակ սիրով հիւրընկալեցինք Պատրիարքական Կառավարիչը, շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ խիստ օգտաշատ եւ շահեկան զրոյց մը ունենալով իրեն հետ։
Գերապայծառ Տէրը, որ ինը տարիէ ի վեր արդէն մեր համայնքի մէջ է եւ սիրցուցած է ինքզինք բոլոր շրջանակներէն ներս, այժմ, ծառայութեան նոր գետնի վրայ կը փորձէ ամրապնդել համագործակցութիւնը։
Առաջին անգամ է որ զինքը կ’ընդունէինք մեր խմբագրատունէն ներս։ Գերապայծառը որ մեծ հիացում ունի մեր Աւագ խմբագրապետի գրական ու լրագրողական վաստակի նկատմամբ, հետաքրքրուեցաւ անոր որպիսութեամբ, յետոյ գնահատեց մեր աշխատանքը, ընդգծելով որ մեր թերթը մեծ ծառայութիւն մը կը մատուցանէ համայնքին, պատմութեան յանձնելով պոլսահայութեան նորօրեայ տարեգրութիւնը, ըսաւ որ հաղորդակցութեան միջոցները, այս կարգին՝ թերթերը, համայնքի գոյութեան ամենակարեւոր ազդակներն են, նշեց թէ Պոլսոյ մէջ իր հոգեւոր ծառայութեան ինը տարիներուն շատ լաւ զգաց թէ ի՞նչ կը նշանակէ շուրջ դար մը գոյութիւն ունենալ եւ պահել գոյատեւման ոգին։
Գերապայծառ Տէրը յիշատակներ պատմեց Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի մէջ իր ուսանողութեան տարիներէն, յայտնելով որ շաբաթական դրութեամբ Մարմարա կը ստանային եւ մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդային, այսինքն կը յափշտակէին թերթը։
Մտերմիկ զրոյցը շարունակուեցաւ, ընդգրկելով ամենատարբեր հարցերու լայն շրջանակ մը։ Տեղեկացանք որ Պատրիարքական Կառավարիչի պաշտօնի ձեռնադրութիւնը իրմէ կախեալ չէ, ինք առաջնորդ է, բայց վերջնականօրէն թեմի մը չէ կապուած, որոշումը պիտի կայացնեն Սիւնհոդոսը, Կաթողիկէ Պատրիարքն ու Վատիկանը։
Արհիապատիւ Տէրը շատ ճշգրիտ գիտէր համայնքի անդամներուն թիւը, ըսաւ համայնքէն ներս ունին 1980-1984 անդամներ, հաղորդակցութիւնը աշխոյժ է, ամէն շաբաթ երեք հոգեւոր կեդրոններու մէջ Ս. Պատարագ կը մատուցուի, եկեղեցականաց դասը ունի 8 հոգեւորական։
Հայերէնի, արեւմտահայերէնի հարցը Գերապայծառ Տիրոջ առաջնահերթութիւններէն մին է։ Պատմեց որ Պէյրութի մէջ խիստ կենսական նախաձեռնութիւն մը կեանքի կոչած էր եւ կը հաւատար թէ մեր համայնքն ալ պէտք ունի այդպիսի ծրագրի մը՝ հայերէնին գիտակ իսկական ուսուցիչներ պատրաստելու ուղղութեամբ։ «Համալսարանի որեւէ ճիւղէն շրջանաւարտ մասնագէտ մը, չի՛ կրնար ճիշդ հայերէն դասաւանդել», ըսաւ Վարդան Գերապայծառը, ցաւ ի սիրտ յայտնելով որ ծրագիրներն ու գաղափարները կը բախին նիւթականի պատուարներուն։
Խօսելով կաթողիկէ հօտի համայնքային կեանքի մասին, Արհիապատիւ Տէրը ըսաւ որ իրեն համար կարեւոր է որ համայնքը իր ուրոյն երեսակով ներկայանայ ընդհանուր պատկերին մէջ, այսինքն մեկուսացուած չմնայ, բացուի պոլսահայութեան, սփիւռքահայութեան։
Ուրախութեամբ լսեցինք որ Գերապայծառ Տիրոջ եւ կաթողիկէ հիմնարկներու վարիչներուն միջեւ հաստատուած է շինիչ եւ առողջ երկխօսութիւն մը, ժողովներուն մասնակցութեամբ, ամենատարբեր ծրագիրներու քննարկումներուն՝ կարծիքի կամ դիրքորոշման արտայայտումով, եւլն։
Բնականաբար զրոյցէն դուրս չէր կրնար մնալ Ս. Յակոբ հիւանդանոցի եւ շինարարական ծրագրի հարցը։ Վարդան Գերապայծառը ըսաւ որ համայնքն ալ գործնական քայլեր կ’ակնկալէ Հոգաբարձութենէն, բայց դատական գործընթացներ կան եւ անոնցմէ՛ կախեալ են յաջորդող զարգացումները։
Խօսք բացուեցաւ նաեւ Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի, Մատակարար Մարմնի նոր խումբի մասին։ Գոհունակութիւն յայտնեցինք, շեշտելով որ Մատակարարները, Ռաֆֆի-Ժոզէֆ Ալիքի գլխաւորութեամբ շատ լաւ կ’աշխատին ի շահ վարժարանի ու համայնքին։
Մեզի համար շատ հաճելի հանդիպման աւարտին լսեցինք Գերապայծառ Տիրոջ օրհնութեան եւ քաջալերանքի խօսքը՝ մեր ազգային ծառայութիւնը շարունակելու գծով։
https://www.facebook.com/photo/?fbid=631971676529583&set=a.135021036224652
İlk yorum yapan siz olun