İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Գալֆաեան վարժարանի կազմակերպութեամբ ԱԹԼԷԹԻԶՄԻ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ՄԵԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ ՍՏԵՂԾԵՑ

Գալֆաեան վարժարանը յաջողութեամբ կ’ապրեցնէ մարզական այն աւանդութիւնը որ ի մի կը հաւաքէ համայնքային վարժարաններէն հարիւրաւոր աշակերտներ ու անոնց սիրտերը կը միացնէ մարզանքի ճամբով։ Գալֆաեան տան Խնամակալութիւնն ու Տնօրէնութիւնը, երէկ, 4 Յունիսին, 18րդ անգամ է որ հիւրընկալեցին մարզական այս փառատօնը։

Արդարեւ, այս տարի եւս, Աթագիւղի ողիմպիական մարզադաշտը առտուան կանուխ ժամերէն սկսեալ վերածուեցաւ մարզական տօնախմբութեան կեդրոնի, ուր համայնքային 9 վարժարաններէն աւելի քան 450 աշակերտ-աշակերտուհիներ իրենց մարզական ընդունակութիւնները ի ցոյց դրին աթլեթիզմի մրցաձեւերու մէջ։ Այս անգամուան միջոցառումը աննախընթաց էր մասնակիցներու եւ հիւրերու թիւով։ 

Մարզական փառատօնը ձօնուած է Վարսէն Օրունճագճիէլի յիշատակին եւ գնահատելի է որ Գալֆաեանի տան ընտանիքը՝ իր բոլոր անդամներով ո՛չ միայն կազմակերպեց այս լայնածաւալ ձեռնարկը, այլ նաեւ ապահովեց որ Ողբ. Վարսէն Օրունճագճիէլի յիշատակը պատշաճ կերպով ոգեկոչուի։ Մինչ մրցումները տեղի կ’ունենային, կազմակերպիչ վարժարանի անունով հարցազրոյցներ կատարուեցան վարժարանի բարերարուհի Տիկին Մարգրիտ Աթմաճայի (որ ողբացեալին դուստրն է), տնօրէնուհի Օր. Թամար Ներկիսի, Խնամակալութեան Ատենապետուհի Տիկին Թամար Գարասու-Մայօղլուի, համայնքային գործիչ, Թօփգաբուի եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Նուրհան Սուճեանի եւ ուրիշներու հետ։

Տօնական մթնոլորտ կը տիրէր։ Այդ ոգեւորութեան մէջ մարզական հանդիպումը աշակերտներու միջեւ միայն առողջ մրցակցութեան դաշտի չվերածուեցաւ, այլ նաեւ առիթ տուաւ նոր բարեկամութիւններու, նոր ընկերութիւններու ձեւաւորման։ 

Օրը եզրափակուեցաւ մետայլներու տուչութեամբ եւ յուշանուէրներու յանձնումով։ Գալֆաեան տան ընտանիքի անունով ի նշան երախտագիտութեան, յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Տիկին Մարգրիտ Աթմաճային, որ ստանձնած էր այս փառատօնի կազմակերպչական ծախսերը։ Մրցանակակիր աշակերտները պարգեւատրուեցան մետայլներով, իսկ բոլոր վարժարանները՝ յուշատախտակներով։

Տարիներէ ի վեր Գալֆաեան վարժարանի կողմէ կազմակերպուած այս մրցաշարքին նպատակն է մարմնամարզի նկատմամբ սէր եւ յանձնառութիւն սերմանել նորահաս սերունդի մօտ։

https://www.facebook.com/photo/?fbid=626713633722054&set=a.135021036224652

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın