İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆՈՐԸՆՏԻՐ Ն.Ս. ԼԵՒՈՆ ԺԴ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻՆ ՀԵՏ ՄԵՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին հաղորդակցութեան եւ լրատուական գրասեակը հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ:

Վատիկան, այսօր, Շաբաթ, 24 Մայիս 2025-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը այցելեց նորընտիր Ն.Ս. Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին, քահանայապետական պալատին մէջ:

Սրբազան Հայրն ու Գերերջ. Հոգեւորը անդրադարձան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին իրավիճակին եւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն այս լուրջ ժամանակաշրջանին ընթացքին: Անոնք նաեւ քննարկեցին Լիբանանն ու Միջին Արեւելքը յուզող ճգնաժամային քաղաքական, մարդասիրական ու հոգեւոր հարցեր:

Հանդիպումին աւարտին՝ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հրաւէր ուղղեց Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին այցելելու Լիբանան ամենամօտ ժամանակով՝ ընդգծելով անոր հովուապետական ներկայութեան կարեւորութիւնը ներկայ պայմաններուն մէջ: Սրբազան Քահանայապետը մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան նկատմամբ՝ կարեւորելով անոր հզօրացումն ու ամրապնդումը որպէս հիմնական սիւնը տարածաշրջանին խաղաղութեան եւ կայունութեան համար:

Այս հանդիպումը կ’արտացոլայ Սուրբ Աթոռին եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին միջեւ հոգեւոր խոր հաղորդութիւնն և համատեղ նուիրուածութիւնը ի սպաս յոյսի ու միասնութեան առաքելութեան՝ մարտահրաւէրներուն դիմաց։

Աղբիւր։ Telepace Armenia Խաղաղութեան Ձայն https://www.facebook.com/Telepacearmenia.it

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın