İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻ ՍԱՆ ԱՐԵԳ ՍԻՒԶՄԷԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք թէ Մխիթարեան վարժարանի սան Արեգ Սիւզմէ մեծ յաջողութիւն մը արձանագրած է համալսարանական ուսման ճամբուն վրայ եւ ընդունուած՝ եւրոպական հեղինակաւոր Ռոթէրտամի «Էրասմուս» համալսարան։

Իր ընտրած ճիւղը «միջազգային Բիզնես կառավարում» ֆաքիւլթէն է, համաշխարհային վարկանիշով 22րդը։ Արեգը 80 առ հարիւր կրթաթոշակ ալ ստացած է, բարձր նիշեր ստանալով մտից անհրաժեշտ քննութիւններէն։

Կը շնորհաւորենք մեր սիրելի Արեգը, որ որդին է թերթիս փոխխմբագիր Նաիրա Սիւզմէի։ Կը շնորհաւորենք նաեւ իր բոլոր հարազատներն ու Մխիթարեան վարժարանի ընտանիքը, որոնք մեծ դեր ունեցան Արեգի մարդակերտումին եւ կրթական ձեռքբերումներու մէջ։

https://www.facebook.com/photo/?fbid=616087704784647&set=a.135021036224652

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın