ՄԵՐ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ
…..
Հիմնադրամներու ¤վագըֆ_ շաբթուայ հանդիսութիւնները այս տարի կը կայանան 8-14 Մայիս թուականներուն։ Երէկ, 8 Մայիսին, Անգարայի Պէշթէփէ նախագահական պալատի համագումարներու եւ մշակոյթի կեդրոնին մէջ կայացաւ հանդիսաւոր բացումը՝ Հանրապետութեան Նախագահ Էրտողանի ողջոյնի խօսքով եւ բազմաթիւ վագըֆներու ատենապետերու եւ անդամներու մասնակցութեամբ։
Համայնքային մեր հաստատութիւններու պատասխանատուները եւս հոն էին։ Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան հրաւէրին ընդառաջելով եւ ԷՐՎԱՊի կազմակերպութեամբ, Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ համայնքէն 50 վարչայիններ եւ Հայ կաթողիկէ համայնքէն շուրջ 10 վարչայիններ Անգարա գացին։ Մեր ստացած տեղեկութիւններու համաձայն, օթօպիւս մը վարձուեցաւ եւ առտուան ժամը 5.00ին ճամբայ ելաւ դէպի մայրաքաղաք. 27 հոգի նախընտրեց այդ ձեւով Անգարա երթալ, միւսները իրենց անձնական ինքնաշարժներով գացին։ Բոլորը համախմբուեցան Պէշթէփէի պալատի մօտ եւ միասին մասնակցութիւն բերին։
Շուրջ ժամ մը տեւեց արարողութիւնը, ուր նախ հանդէս եկան Հանրապետութեան Նախագահը, յետոյ Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնն ու Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարը։ Այնուհետեւ, մեր համայնքէն մասնակիցները միասնաբար ցերեկուայ ճաշի սեղաններու շուրջ բոլորուելէ ետք, վերադարձան Իսթանպուլ։
***
Շնորհակալութիւն Ղալաթիոյ Ս. Ամենափրկիչ կաթողիկէ եկեղեցւոյ թաղական Սիլվա Նույանին, որ լուսանկարներ տրամադրեց մեզի։
İlk yorum yapan siz olun