İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ՆՈՒՐՍԱՆ ՄԱԼՈՒԽԻ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐ»ԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿ՝ «ՀՈՒՆՏԱՅԻ» ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ

Ազգային բարերար Երկանեան ընտանիքը «Նուրսանլար» հոլտինկի սեփականատէրերէն մէկն է, իսկ «Նուրսան մալուխի մատակարար» ընկերութիւնը, մէկը այն ձեռնարկութիւններէն, որոնք միաւորուած են հոլտինկի մէջ։

Հաճոյքով կը տեղեկանանք որ «Նուրսան մալուխի մատակարար» ընկերութիւնը «Հունտայի մօթօր» ընկերութեան կողմէ ճանչցուած է 2024 թուականի «ամենայաջող մատակարար»ներու շարքին, արժանանալով մրցանակի։ Մրցանակը շնորհուեցաւ 12 Մարտին Սինկափուրի մէջ, «Հունտայի ինքնաշարժներու մատակարարներու համաշխարհային օր»ուայ արարողութեան ընթացքին։

«Նուրսանլար» հոլտինկը կը ներկայացնէր գլխաւոր տնօրէն Քաղան Եամաքօղլու։ Արարողութեան ընթացքին շնորհուեցաւ յաջողութեան 6 մրցանակ, որոնցմէ 4ը արտասահմանեան ընկերութիւններու, որոնք պահեստամասեր կը մատակարարեն «Հունտայի»ի արտադրութեան համար։

«Նուրսան մալուխի մատակարար» ընկերութիւնը Եւրոպայէն միակ ընկերութիւնն էր, որ արժանի նկատուեցաւ մրցանակին։

Կը շնորհաւորենք թերթիս ջերմ համակիր, բարերար Արէտ-Մօնիք Երկանեանը, իրենց դուստրը՝ Շէյտա Երկանեան-Նանեանն ու Երկանեան ընտանիքի բոլոր անդամները։

https://www.facebook.com/photo?fbid=564908096569275&set=a.135021036224652

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın