Գրեց՝ ԱՐԻ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ
Ի՜նչ տարօրինակ աշխարհ մըն է սա մերինը։ Մարդ արարածը միջին հաշուով եօթանասուն ութսուն տարի կ’ապրի բայց եթէ հարիւր ութսուն տարի իսկ ապրի՝ պիտի չդադրի զարմանալէ, երբեմն ալ զայրանալէ տեսնելով աննախընթաց իրողութիւններ, լսելով աննախընթաց խօսքեր կամ ականատես ըլլալով աննախընթաց դէպքերու։
Ի՞նչու կ’ըսեմ ասիկա, որովհետեւ որոշ տարիք մը ունիմ, ես ալ իմ կարգիս, չըսելու համար շատ՝ պիտի ըսեմ որոշ չափով մարդիկ ճանչցած եմ, շփումներ ունեցած եմ անոնց հետ, այսինքն մարդոց վարքագիծը ճանչնալու մասին գէշ-աղէկ փորձառութիւն մը կրցած եմ ձեռք բերել։ Բայց եւ այնպէս, յաճախ դէպք մը կը պատահի, բան մը կ’ըլլայ որ զիս կ’ապշեցնէ, կը զարմացնէ ու կը զայրացնէ։
Այսպիսի դէպք մը պատահեցաւ անցեալները։ Անգամ մը եւս իբրեւ մամուլ ապերախտութեան թիրախը դարձանք։ Անգամ մը եւս կ’ըսեմ որովհետեւ մեր շուրջիններուն ապերախտ վարուելակերպին հետ առաջին անգամ չէ որ դէմ առ դէմ կու գանք։
Ի՞նչ է սա ապերախտութիւն կոչուածը, ո՞ւրկէ ծնունդ կ’առնէ, ի՞նչ է աղբիւրը։ Եսասիրութի՞ւն, ինքնահաւանութի՞ւն, մեծամտութի՞ւն, ինքնավստահութի՞ւն, անկրթութի՞ւն, թէ ոչ ուղղակի տգիտութի՞ւն։ Թերեւս ամէն մէկ հատէն մի քիչ… Չեմ գիտեր. չեմ ալ կարծեր թէ ոեւէ մէկը կրնայ ախտաճանաչումը ընել այս հիւանդութեան։
Այո՛, ի՞նչ էր խնդիրը։
Միջոց մը առաջ մահ մը պատահած էր։ Մահ մը որ ցաւ պատճառած էր բոլորին։ Ազգասէր, մարդասէր, նուիրեալ, ողջ համայնքէն սիրուած, յարգուած հայրենակից մը հոգին աւանդած էր։ Մեզի համար ալ սիրելի անձնաւորութիւն մը զոր մօտէն կը ճանչնայինք։
Անմիջապէս բօթը հաղորդեցինք, օրերով մեր սիւնակները տրամադրեցինք իր կենսագրականին, յուշերուն եւայլն։
Մահազդի ծանուցում չտրուեցաւ, արդէն այդպիսի ակնկալութիւն մըն ալ չունէինք։ Յուղարկաւորութեան մասնակցեցանք, մեր ցաւակցութիւնները յայտնեցինք։ Վերջապէս կը կարծեմ թէ, թէ՛ իբրեւ մամուլ թէ՛ իբրեւ բարեկամ մեր բոլոր պարտականութիւնները լիուլի կատարեցինք։
Յետոյ… յետոյ ի՞նչ եղաւ։ Ընտանիքը թրքերէնով՝ թրքերէն շաբաթաթերթի մէջ շնորհակալիք մը հրատարակեց։ Անոր ալ ըսելիք չունինք։ Ունինք բայց չունինք։
Մեր ըսելիքը սա է։ Այդ հասակով հսկայ եւ շռնդալից շնորհակալութեան տողերով լեցուն ծանուցումին մէջ միայն մէկ տողով իսկ ո՞րուն շնորհակալութիւն չկայ, կրնա՞ք գուշակել։ Այո՛, ճիշդ գուշակեցիք։ Հայ մամուլին։
Էհ՜, ապերախտութեան այսքանը տգիտութեամբ անգամ կարելի չէ։
https://www.facebook.com/photo?fbid=556883557371729&set=a.135021036224652
İlk yorum yapan siz olun