ԻՐ ՄԱՀԿԱՆԱՑՈՒՆ ԿՆՔԵՑ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՉ, Ս. ՓՐԿԻՉ ԱԶԳ. ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՆԱԽԿԻՆ ԲԺՇԿԱՊԵՏ ՏՕՔԹ. ԱՐՏԱՇ ԱԳՏԱՂ
Վստահաբար բոլոր անոնք որոնք երէկ կէսօրուայ ժամերուն լսեցին Տօքթ. Արտաշ Ագտաղի մահուան բօթը կամ ընկերային ցանցերու հայկական հարթակներուն վրայ տեսան իր ժպտերես դէմքը, «ա՜խ» մը քաշեցին սրտի խորերէն, չուզեցին հաւատալ որ այս սիրելի անձը, եւս բռնեց յաւերժութեան ճամբան։
Գիտէինք որ քորոնայի հետեւանքով մեծապէս ցնցուած էր իր առողջութիւնը ու վերջին մէկ տարին ծանր փորձութիւն էր թէ՛ իրեն, թէ՛ ընտանիքին համար։ Թերեւս «ազատեցաւ» պիտի ըսեն շատեր, միաժամանակ պիտի սգան այս օրինակելի ու մարդասէր համայնքային գործիչի ու բժիշկի կորուստը, տեղեկանալով որ յատկապէս վերջին քանի մը շաբաթներուն շատ ծանր էր իր վիճակը ու խտացեալ դարմանումի տակ առնուած էր Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի մէջ, բայց…։
Քանի՜ քանիներ Տօքթ. Արտաշին կը պարտին իրենց առողջութիւնը, անոր հրաշագործ ձեռքերուն շնորհիւ է որ փրկուած են մահէն կամ տիրացած են ամենաթանկ գանձերուն՝ իրենց զաւակներուն։
Քանի՜ քանիներ առանց որեւէ տարակոյսի իրենք զիրենք ձգած են վիրահատական սեղանի վրայ ու կեանքի վերադարձած, ապաքինած՝ փորձառու բժիշկի հմուտ միջամտութիւններու ու դարմանումներու շնորհիւ։
Միայն լաւ ու վստահելի բժիշկ մը չէր Տօքթ. Արտաշ, այլ նաեւ մեծ սրտի ու հոգիի տէր վարչային մը, որ անմնացորդ կերպով ծառայութիւն բերաւ համայնքային կեանքին։ 2002 թուականէն սկսեալ Գալֆաեան Տան խնամակալութեան մէջ նախ որպէս անդամ, յետոյ որպէս Ատենապետ աշխատելէ ետք, 2007ին, Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան առաջարկով նշանակուեցաւ Բժշկապետ եւ շուրջ 9 տարի մնաց այդ պաշտօնին։ Այս տարիներու ընթացքին մեծ նուիրումով իր եռանդն ու կորովը ի սպաս դրաւ Հիւանդանոցի վարկը բարձրացնելու համար։ Շատ լաւ համագործակցութիւն մը ունեցաւ Հոգաբարձութեան հետ եւ միասին բազմաթիւ ծրագիրներ իրականացուցին՝ ի նպաստ Հիւանդանոցին։
2016 թուականին բաժնուեցաւ Հիւանդանոցէն, բայց շարունակեց գործօն մասնակցութիւն ունենալ համայնքային կեանքի մէջ։
2019ի ընտրութիւններու ընթացքին Սահակ Սրբազանի պատգամաւորներէն մէկն էր։ 2022 թուականի համայնքային ընտրութիւններուն թեկնածու առաջադրուեցաւ ու դարձաւ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Սկիւտարի Ս. Կարապետ եւ Պէյքօզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցիներու Թաղային Խորհուրդներու անդամ։
Կը ցաւակցինք ընտանիքին ու բոլոր հարազատներուն։
İlk yorum yapan siz olun