Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի նախկին բժշկապետներէն տքթ. Մարտիրոս Ենիեորկան կնքած է մահկանացուն՝ խոր սուգի մատնելով ընտանիքն ու սիրելիներու շրջանակը։ Բօթը երէկ յետմիջօրէի ժամերուն մեծ ցաւ յառաջացուց համայնքային շրջանակներէն ներս՝ քանի հանգուցեալը պոլսահայ երէց սերունդի եզակի ներկայացուցիչներէն մին էր, արժանացած բոլորի յարգանքին ու համակրանքին։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի արդի տարեգրութեանց մէջ տքթ. Մարտիրոս Ենիեորկան ունի անջնջելի հետք մը, իր բարի համբաւով հանդերձ։ Տասնամեակներ շարունակ ան մարմնաւորած էր ծառայասիրութեան, յանձնառութեան ու նուիրումի կերպար մը՝ որպէս մասնագէտ, վարչային, մտաւորական եւ համայնքային գործիչ։
Տքթ. Մարտիրոս Ենիեորկան 1935 թուականին ծնած էր Իսթանպուլի մէջ։ Իւնյէէն, Օրտու, գաղթելով Գումգաբու հաստատուած ընտանիքի մը որդին էր. հայրը՝ Նիկողոս, մայրը՝ Սաթենիկ։ Նախակրթութիւնը ստացած էր Ինճիրտիպիի երբեմնի հայ բողոքականաց վարժարանին մէջ։ Ապա իրերայաջորդ յաճախած էր Մխիթարեան վարժարան, Ռոպերթ քոլէճ եւ Կեդրոնական, ուրկէ լիսէի վկայականը ստանալէ վերջ մուտք գործած էր Իսթանպուլի համալսարանի Բժշկական ֆաքիւլթէն։ Մարտիրոս Ենիեորկան եղած էր յաջող մասնագէտ մը եւ որպէս կնախտաբոյժ՝ երկար տարիներ պատնէշի վրայ մնացած էր ասպարէզին մէջ։
Նորոգ հանգուցեալ տքթ. Ենիեորկանի մասնագիտական գործունէութիւնը համարեայ նոյնացած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին հետ, ուր երկար տարիներ անշահախնդիր ու անձնուրաց աշխատանք տարած էր՝ ընդհուպ մինչեւ բժշկապետի պաշտօնը։ Իր պաշտօնավարած տարիները Ազգային հիւանդանոցի պատմութեան այդքան ալ փայլուն ժամանակաշրջաններուն չէին զուգադիպած, սակայն, ինչպէս իր ժամանակակիցները՝ այնպէս ալ տքթ. Մարտիրոս Ենիեորկան անվհատ աշխատանքով յաղթահարած էր բոլոր խոչընդոտները։ Ենիեորկան հանգստեան կոչուելէ վերջ անդամակցած էր նաեւ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան։
Մասնագիտական գործունէութեան առընթեր, տքթ. Մարտիրոս Ենիեորկան համայնքային կեանքէն ներս ալ բազմակողմանի աշխատանք կը տանէր։ Կապուած էր իր հասած վարժարանին՝ Կեդրոնականին, որու սանուց միութեան հիմնադիրներու շարքին գտնուած էր։ Անդամակցած էր Գարակէօզեան տան խնամակալութեան, չորս տարի եղած էր ատենապետ։ Նոյն հաստատութեան հիմնադրի ներկայացուցիչը եղած էր տասներկու տարի։ Գարակէօզեանի առաքելութեան զուգահեռ՝ Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի գործունէութիւնը վերահսկած էր։ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկէն ներս ալ եղած էր վարչային։
Տքթ. Մարտիրոս Ենիեորկան 2014 թուականին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուած Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովին մաս կազմած էր՝ որպէս Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի ներկայացուցիչ, այդ ժամանակուայ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի տնօրինութեամբ։
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի կողմէ Հայ գիրերու գիւտի 1600-ամեակին առթիւ կազմուած յոբելենական յանձնախումբին ատենապետած էր եւ խմբագրած՝ այդ առթիւ հրատարակուած գիրքը։
Մարտիրոս Ենիեորկան ամուսնացած էր լուսահոգի ու բարեյիշատակ կրթական մշակ Մելինէ Ենիեորկանի հետ։ Մարտիրոս եւ Մելինէ Ենիեորկանները բախտաւորուած էին երկու զաւակով։ Երկար տարիներ կողակցին հետ պոլսահայ մշակութային կեանքի ձեռնարկներու անփոփոխ ներկաներու շարքին գտնուած էր՝ մանաւանդ, որ ատեն-ատեն կ՚աշխատակցէր նաեւ մամուլին։ Մօտաւոր անցեալին, իր կողակցին կորուստը բեկումնային հանգրուան մը սահմանած էր իր կեանքէն ներս՝ քանի այդ ցնցումը պայմանաւորած էր իր կեանքի եռանդը, բարոյահոգեբանական վիճակը։
Վերջին տարիներուն, յառաջացած տարիքի բերումով, տքթ. Մարտիրոս Ենիեորկան փխրուն առողջութիւն մը ունէր։ Մասնագէտներու վերահսկողութեամբ, հարազատներու խնամքով իր բնակարանին մէջ անկողնոյ կը ծառայէր։ Դժբախտաբար, այդ բոլորը անբաւարար մնացին եւ տքթ. Մարտիրոս Ենիեորկան երէկ յետմիջօրէին աչքերը փակեց կեանքին։
Յուղարկաւորութեան մանրամասնութիւնները առանձնապէս պիտի հրապարակուին ընտանեկան մահազդով։
Այս տխուր առթիւ կը մաղթենք, որ նորոգ հանգուցեալ Մարտիրոս Ենիեորկանի յաւիտենական նենջը ըլլայ խաղաղ ու հանգիստ։ Խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր դստեր՝ Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկանին, որդւոյն՝ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Արան եւ Լենա Ենիեորկան ամոլին, թոռնիկին՝ շնորհալի երիտասարդուհի Լուսին Ենիեորկանին, խնամիին՝ Նուրհան-Ազնիւ Չոպան ամոլին եւ համայն ընտանեկան պարագաներուն։
http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/28-11-2024-ոչ-եւս-է-տոքթոր-մարտիրոս-ենիեորկան
İlk yorum yapan siz olun