İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԵՐ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԱՇԽԱՏԱԿԻՑ ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Ճիշդ 40 օր կը բաժնէ Զարեհ Խրախունիի ծննդեան ու մահուան թուականները։

Ինը տարի առաջ, 16 Հոկտեմբեր 2015ին, խմբագրատունէն հեռաձայնեցինք մեր սիրելի աշխատակցին, շնորհաւորեցինք զինքը։ Ձայնը տկար էր, բայց սիրտը ուրախ՝ լսելով գրչակից եղբօր՝ մեր խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի, յետոյ ամբողջ աշխատակազմի արեւշատութեան մաղթանքները։ Այդ ոգեւոր պահուն, չխորհեցանք որ ծննդեան 89րդ տարեդարձը վերջինն էր իր ֆիզիքական գոյութեան ընթացքին…։

Ատկէ ճիշդ 40 օր վերջ, 27 Նոյեմբեր 2015ի յետմիջօրէի ժամերուն Տիկին Մառլէնը (ան ալ այս տարւոյ Յունիսին կնքեց իր մահկանացուն), գուժեց բանաստեղծին մահը։ Կնոջ եւ զաւակներուն հետ, Մարմարա-ի ընտանիքի ուսերուն վրայ եւս մնաց Զարեհ Խրախունի բանաստեղծի յիշատակը ապրեցնելու պատասխանատու պարտականութիւնը։

Այս ինը տարիներու ընթացքին պարբերաբար մեր ընթերցողները ժամադրեցինք Խրախունիի բանաստեղծութիւններուն հետ։

Ժամադրեցինք՝ յիշեցնելու որ բանաստեղծ Խրախունին իր ստեղծագործական բեղուն աշխատութեամբ հեղինակեց 26 հատորներ, որոնց 16-ը՝ բանաստեղծութիւններ են, միւսները՝ թարգմանութիւններ, դասագրքեր, փիլիսոփայական տեսութիւններ, եւլն։

Ժամադրեցինք՝ պատգամելու որ բանաստեղծ Խրախունին եղաւ յետ-եղեռնեան եւ ժամանակակից մեր գրականութեան մեծագոյն դէմքերէն մին, նաեւ ռահվիրան ու հիմնադիրը մեր արդի գրականութեան ու բանաստեղծութեան՝ «առարկայական խորհրդապաշտութիւն» դպրոցին։

Ժամադրեցինք՝ ընդգծելու որ բանաստեղծ Խրախունին եղաւ խաղաղութեան եւ ազատատենչութեան պաշտպան, նաեւ ազնուական եւ իմաստուն գրող։

Ժամադրեցինք՝ հաստատելու որ բանաստեղծ Խրախունին իր ստեղծագործութիւններով աղօթք ու արցունք բաշխեց, խաչ ու խորան դարձաւ քրիստոնէական հաւատքին համար։

Ժամադրեցինք՝ աւանդելու որ բանաստեղծ Խրախունին միշտ հաւատաց անդորր կեանքի ու յաւերժութեան գաղափարին, յոյսի փարոս դարձնելով խորարմատ եւ տերեւաշատ «կենդանի ծառ» տնկելու իր տեսլականը։

Ներկայիս, առաւել քան երբեք, այժմէական են իր գլուխ գործոց բանաստեղծութիւնները, որովհետեւ կամայ-ակամայ դաւաճանած ենք սուրբ եւ սրբազան արժէքներուն, մարդասիրութեան եւ զիրար յարգելու գաղափարին, դարձած ենք իրարու թշնամի, վերածուած ենք մէկզմէկ անխնայ դատապարտող ու քննադատող հաւաքականութեան, անզիջող ու անհանդուրժող ազգի։

Մինչդեռ բոլորովին տարբեր էին Խրախունիի երազանքն ու տեսիլքը, իր բանաստեղծական «եռ»ի շարքի նման տենչանքն ու «դարապատում»ով ամրագրուած բազում արժէքները, տօնազանգն ու տօնականչը։ Առարկայական խորհրդապաշտութեան իր առանցքային գիծերէն մէկն էր որ երկար դարերէ յետոյ հիմնուած հայկական պետականութիւնը կանգուն մնար որպէս անառիկ ամրոց, որպէս հսկայ խորարմատ ծառ մը։ Կը մնար միայն խնամել այդ ծառը՝ հայրենի երկիրը, կը մնար պաշտպան կանգնիլ անոր, բայց… այդ ալ չյաջողեցանք։

Քաղցր կարօտով կը յիշենք մեր սիրելի աշխատակիցը։ Լոյս իջնէ իր գերեզմանին։

Ն. Ս.

(Այսօր մեր Գ. էջը նուիրած ենք Զարեհ Խրախունիի ստեղծագործութիւններէն ընտիր փունջի մը)

https://www.facebook.com/photo/?fbid=490530967340322&set=a.135021036224652

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın