Դարձեալ բօթ մը ունինք համայնքին։ Յանկարծամահ եղած է երաժիշտ Պերճ Մինասեան։ Ծնած էր Իսթանպուլ, 1943ին։ 1960ականներուն նախ սիրողական մակարդակով սկսած էր զբաղիլ երաժշտութեամբ, իսկ 1965էն սկսեալ այլեւս արհեստավարժ երաժիշտ էր, որպէս առաջին քայլ դաշնակ ու սաքսաֆոն նուագելով «Կապոյտ տղաներ» խումբին մէջ։ Այս նուագախումբը ամէն Ուրբաթ «Հիլթոն» պանդոկի սրահներուն մէջ կը նուագէր, անընդհատ նոր կատարումներ աւելցնելով իր յայտագրին մէջ։
«Կապոյտ տղաներ»ը 1967ին հասաւ «Ոսկեայ խօսափող» երաժշտական մրցումի եզրափակիչ եւ առաջին տեղը գրաւեց «Թամզարա» անուն երգով։
Պերճ Մինասեան շարունակեց նուագել այս խումբին մէջ, մասնակցելով քանի մը ձայնագրութիւններու, բայց «Կապոյտ տղաներ»ը ցրուեցան, երբ մենակատար Տինչէր Էրտողան որոշեց առանձինն շարունակել իր ստեղծագործական ուղին։
Պերճ Մինասեան որոշ շրջան մը մաս կազմեց նաեւ Օրհան Շէվքի նուագախումբին։
https://www.facebook.com/photo/?fbid=490537500673002&set=a.135021036224652
İlk yorum yapan siz olun