Մեր ընթերցողներուն ծանօթ է որ «Փաք Թաւուք» թռչնաբուծական ընկերութիւնը կը պատկանի մեր համայնքին յայտնի Պօզաճեան ընտանիքին։ Ընկերութեան հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահն է Տիկին Անահիտ Պօզաճեան։
15 Յունիսին տեղի ունեցաւ սնունդի ճարտարարուեստի արտածման լաւագոյն ընկերութիւններու մեծարման արարողութիւնը եւ պարգեւատրուեցան անոնք, որոնք յաջող արդիւնքներ ձեռք բերած են արտածելով թռչնաբուծական իրենց արտադրութիւնները։
Մրցանակաբաշխութիւնը նոյն երդիքին տակ հաւաքեց մեծաթիւ արդիւնահանողներ։ «Պանվիթ» ընկերութիւնը առաջին տեղը գրաւեց արտածումի վարկանիշային ցանկին մէջ։ Յաջորդեցին «Շէն Փիլիչ», «Հաս թաւուք» եւ Պօզաճեաններու «Փաք թաւուք» ընկերութիւնները։ Գալով թռչնաբուծական արտադրութիւններու ոլորտային ճիւղերուն, «Փաք թաւուք»ը՝ թխսացուած հաւկիթի ¤տէօլլէնմիշ_ արտածման ոլորտի մէջ շահեցաւ առաջնութիւնը։ Թրքական թռչնաբուծական արտադրութիւնները կ’արտածուին դէպի Իրաք, Ռուսաստան, Վենեզուելլա, Իտալիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Սուրիա։ Վերջին մէկ տարուայ ընթացքին արտածումի գումարը գերազանցած է 3.7 միլիառ տոլարը։
Կը շնորհաւորենք Տիկին Անահիտ Պօզաճեանն ու «Փաք թաւուք»ի հոգաբարձուներու խորհուրդը։
İlk yorum yapan siz olun