Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 12 Յունիս 2024, Չորեքշաբթի առաւօտ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ռումէլիհիսարի Ս. Սանդուխտ Եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեանն ու ատենապետ Օշին Փոլատի գլխաւորութեամբ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները։
Այցելուներ, քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ, Նորին Ամենապատուութեան ուշադրութեան յանձնեցին, թէ՝ եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը պիտի կատարուի 13 Յուլիս Շաբաթ, Ս. Սանդուխտ Կոյսի տօնին։ Անոնք, Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալէ յետոյ, Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեցին՝ տօնախմբութեան նախագահելու։ Այս շրջագիծով, անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին նաեւ իրենց աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին։
Պատրիարք Հայրը, լսեց փոխանցուած տեղեկութիւնները եւ հայրական թելադրութիւնները ըրաւ ու խոստացաւ նախագահել անուան տօնախմբութեան։ Մեր Հոգեւոր Պետը, կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց հայութենէ նօսրացած մեր այս գողտրիկ արուարձանային եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն՝ իրենց աստուածահաճոյ եւ եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun