Բարձրամակարդակ միջոցառում մը՝ ընտիր հասարակութեան ներկայութեամբ
…
Երէկ գիշեր Ղալաթիոյ Յունաց վարժարանի դահլիճին մէջ բացառիկ օր մըն էր։ Ընտիր հասարակութիւն մը հրաւիրուած էր ներկայ գտնուելու «Թուրքիոյ ասորի կաթոլիկ եկեղեցին» երկլեզու ¤թրքերէն եւ անգլերէն_ խորագրեալ կոթողային գրքի մը շնորհանդէսին, որ թէ՛ որպէս միջոցառում եւ թէ որպէս մատուցում՝ կատարեալ էր բոլոր առումներով։ Ամէն ինչ իր չափի եւ կշիռի մէջ էր. առանց աւելորդութիւններու հրապարակային երախտագիտութեան ձեռնարկ մը, ուր աշխարհի հնագոյն ազգերէն մէկուն՝ ասորիներու նորօրեայ ժամանակներու շառաւիղները կը շարունակեն իրենց պատմութիւնը կերտել թէեւ անհայրենիք, բայց արմատներուն կառչած։
Բարի նախանձով եւ ուրախութեամբ հետեւեցանք միջոցառման, միաժամանակ մեր ոգեւորութիւնը բազմապատկուեցաւ, արձանագրելով որ Պոլսահայ համայնքէն նուիրեալներ ալ կան այս կարեւոր աշխատութեան պատրաստութեան ակունքներուն մէջ։
Շնորհանդէսի պատուակալ հիւրերու շարքին էին՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, ընկերակցութեամբ Յարութիւն Վարդապետի, Պատրիարքական փոխանորդ՝ Գրիգոր Աւ. Քահանայի, գաւազանակիր Գասպար Աբեղայի եւ Շիրվան Քահանայի, Շիշլիի ու Պէյօղլուի քաղաքապետները՝ Ինան Կիւնէյ եւ Ռէսիւլ Էմրահ Շահան, Պէշիկթաշի քաղաքապետի անունով՝ Նուրհան Փալաքօղլու, ասորի օրթոտոքս եկեղեցւոյ առաջնորդ եւ պատրիարքի փոխանորդ, մետրոպոլիտ Եուսուֆ Չէթին, յունաց եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Տմիթրի Մայօղլու, ասորի եկեղեցւոյ արտասահմանեան ներկայացուցիչներ, յայտնի այլ անուններ, որոնք եկած էին բաժնելու ասորի համայնքի համար այս պատմական օրը։ Բնականաբար հիւրընկալը ասորի կաթոլիկ պատրիարքական փոխանորդ, Մոնս. Օրհան Չանլըն էր, համագործակցաբար իր համայնքէն յատուկ յանձնախումբի մը։
«Լոյս Թի-Վի»ի անձնակազմը ստանձնած էր միջոցառումը ուղղակի սփռումով հաղորդելու պարտականութիւնը, եւ անոնք, որոնք կը փափաքէին հեռավար կերպով մասնակից դառնալ այս շնորհանդէսին, այդ գոհունակութիւնը ապրեցան շնորհիւ «Լոյս»ին։
Հաւաքոյթը եռամաս էր։ Տրուած ըլլալով որ սրահը հազիւ 200-250 հոգի կրնայ ընդունիլ, հրաւիրուած էին ասորի եւ փոքրամասնական այլ համայնքներէն յատուկ անձեր, փոքրամասնական համայնքներու բոլոր լրատուամիջոցները, տեղական մարմիններէն եւ թուրք յառաջադէմ շրջանակներէն յարգարժան դէմքեր։ Բոլոր հիւրերը նախ դիմաւորուեցան քոքթէյլով մը, երկրորդ մասը՝ գեղարուեստական բաժինն էր, իսկ երրորդ մասը՝ գրքի ծանօթացումն ու երախտիքի խօսքերը։ Աւարտին՝ դարձեալ պատուասիրութիւն։
Գեղարուեստական բաժնի մասնակիցներու միջեւ ունէինք երկու հայեր։ Մենակատար Կամզէ Կազզէ Էքինճիի ու քանոնահարուհի Սէվկի Ույանըքի հետ միասին բեմը բաժնեցին մեր սիրուած երգչուհի՝ Օփ. Տօքթ. Գարին Պօզքուրթ եւ երգեհոնի նուագակցութեամբ՝ Աննա Գէորգեան-Ուղուրլեան։ Գարինի գեղեցիկ ձայնով, այս անգամ տարբեր հնչեղութեամբ մը ունկնդրեցինք յատկապէս «Աւէ Մարիա»ն։ Այս գեղեցիկ աղօթքը, որ ցարդ թարգմանուած եւ մեկնաբանուած է զանազան լեզուներով, երէկուայ ձեռնարկի ընթացքին ասորերէնո՛վ հնչեց։ Գարինն է որ յղացած էր գաղափարը եւ աղօթքը ասորերէնի թարգմանել տալով երէկ առաջին անգամ մեկնաբանեց զայն, որպէս գեղեցիկ յիշատակ թէ՛ ներկաներուն, թէ ասորիներու ապագայ սերունդին։ Իր ձայնը, ինչպէս միշտ առինքնող էր, կատարողականութիւնը՝ բարձր։
Գրքի ծանօթացումը կատարուեցաւ նախ յատուկ տեսաերիզով մը, յետոյ՝ պատմաբան, հետազօտող Հանրիէթ Պասօղլուի ամփոփ վերլուծութեամբ, ուր շեշտը դրուեցաւ այսպիսի աշխատութիւն մը պատրաստելու անհրաժեշտութեան վրայ։
Ինչպէս վերը ըսինք արդէն ամէն ինչ չափ ու կշիռի մէջ էր։ Մոնս. Օրհան Չանլը եւս խօսեցաւ առանց աւելորդութիւններու եւ իր ելոյթի կարեւոր հատուածը յատկացուց հրապարակային շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան։ Կազմակերպիչները յուշանուէրներ պատրաստած էին բոլոր անոնց համար որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած էին գրքի պատրաստութեան եւ այս միջոցառման։ Ո՛չ մէկը մոռցուեցաւ։
Ուրախացանք բեմին վրայ տեսնելով Թամար Գարասուն որ հանդէս եկաւ Թուրքիոյ «Աստուածաշունչի ընկերակցութեան» գլխաւոր քարտուղարի հանգամանքով եւ արտայայտուեցաւ իրենց համագործակցութեան մասին։
Գրքի ձեւաւորումն ու կողքի պատրաստութիւնը կատարուած է դարձեալ «Աստուածաշունչի ընկերակցութեան» անձնակազմէն՝ Արի Գամպարի կողմէ, որ չէր կրցած մասնակցիլ իր հօր անհանգստութեան պատճառով, խմբագիրը կիսով չափ հայուհի՝ Տեպորա Պասմաճըն է, տպագրողը՝ Մանասէ Թաշճը։ Այսինքն հաւաքական աշխատանքի ու փոքրամասնական համայնքներու համագործակցութեան օրինակ է այս ուշագրաւ հատորը, որ կը փորձէ լոյս սփռել ասորիներու պատմութեան վրայ։
Կը շնորհաւորենք բոլորը եւ հաճելի ընթերցում կը մաղթենք պատմութեան, փոքրամասնութիւններու պատմութեան, ասորի համայնքի մասին համապարփակ այս աշխատութիւնը արժեւորել փափաքող բոլոր ընթերցողներուն։
Ն. Ս.
İlk yorum yapan siz olun