Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 1 Ապրիլ 2024, Երկուշաբթի կէսօրին, նախագահեց Պալըքլըի գերեզմանատան Ս. Սարգիս մատրան հրապարակին վրայ տեղադրուած Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր կիսանդրիի բացումը:
Բացման հանդիսութեան մասնակցեցան Աթոռոյս երկու եպիսկոպոսները՝ Գերշ. Տ. Եզնիկ Արքեպս. Պետրոսեան ու Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, միաբաններ՝ Հոգշ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան, Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պչաքճեան, Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան, համայնքային հաստատութեանց ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ:
Նախ, Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին յատկապէս յիշատակուեցան Պատրիարքական Աթոռոյս երանաշնորհ գահակալները:
Յանուն Սամաթիոյ Թաղային Խորհուրդին՝ ատենապետ Նուրհան Տավուլճեան հանդէս եկաւ սրտի խօսքով եւ ըսաւ թէ պարտք կը զգան մեր համայնքի մեծութիւններուն արժանի յարգանքը ցոյց տալու: Այս մտածումով՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ, Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի առաջարկով, Թաղային Խորհուրդի պատուակալ ատենապետ Մելքոն Գարաքէօսէի հսկողութեամբ, Վազգէն Պարընի ճարտարապետութեամբ եւ Եթքին Պէրպէրօղլուի նուիրատուութեամբ ու յարգուած արուեստագէտ Էրօլ Սարաֆեանի ձեռամբ պատրաստուած է Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի կիսանդրին: Այսօր այս կիսանդրիի բացումն է որ պիտի կատարուի: Տավուլճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան այս գործին:
Ապա խօսեցաւ մեր Հոգեւոր Պետը եւ ըսաւ, թէ այսօր Մեռելոց յիշատակ է: Մենք գերեզման կու գանք, ոչ թէ փոշի դարձած աճիւններուն կամ մարմարեայ շիրիմներուն այցելելու, այլ յարգանք ցուցաբերելու անոնց յիշատակին՝ յարութեան հաւատքով: Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ, որ թէ մեզ եւ թէ յաջորդ սերունդներուն համար ուսուցող է նման արձաններու կամ կիսանդրիներու գոյութիւնը, ինչպէս էր Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի պարագային: Նոր սերունդներ նայելով այս կիսանդրիներուն՝ պիտի մտածեն ու հետաքրքրուին, թէ ովքեր էին անոնք եւ ինչ ըրած էին իրենց կեանքին ընթացքին: Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց բոլոր երախտաւորները՝ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանը, գործին հսկող Մելքոն Գարաքէօսէն, ճարտարապետ Վազգէն Պարընը, բարերար Եթքին Պէրպէրօղլուն եւ ծանօթ արուեստագէտ Էրօլ Սարաֆեանը:
Պատրիարք Հայրը հրաւիրեց Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոսը, Երանաշնորհ Պատրիարք Հօր տիրամայրը՝ Մարի Մութաֆեանը եւ միասնաբար բացին կիսանդրիի սպիտակ ծածկոցը:
Ապա Սամաթիոյ Թաղային Խորհուրդը Պատրիարք Հօր եւ Տիրամօր ձեռամբ արծաթեայ յուշապնակներ նուիրեց ճարտարապետ Վազգէն Պարընին եւ բարերար Եթքին Պէրպէրօղլուին:
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun