İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒՆ եԲԱՐԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀ,

Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս երգչախումբը, այս առտու, առաջնորդութեամբ վարիչ Յակոբ Մամիկոնեանի, իր քսան անդամներով մեկնեցաւ Փարիզ։ Պատմական այս ուղեւորութենէ առաջ, խումբը Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ կատարեց իր վերջին փորձը, որուն մասնակցեցաւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Քարոզիչ եւ Դասու Նախագահ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը։

Հայր Սուրբը անդամներուն ըսաւ, որ ճամբորդութիւնը 95-ամեայ Լուսաւորիչի պատմականին մէջ յիշարժան առիթի պիտի վերածուի, որով Փարիզի մէջ թէ՛ օտար եւ թէ՛ հայեր իրազեկ պիտի դառնան երգչախումբի պատմական առաքելութեան։ Հայր Սուրբը, անդամներուն հարցումներուն պատասխանելէ յետոյ արտասանեց եՊահպանիչ, աղօթքը եւ բարի ճանապարհ մաղթեց։

Այս առթիւ, վարիչ Յակոբ Մամիկոնեան եւ իր աշակերտները շնորհակալութիւն յայտնեցին Հայր Սուրբին իր առաջնորդութեանը համար եւ մաղթեցին, որ իրենց այցելութեամբ ու ներկայացումով Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս երգչախումբի եկեղեցական ու երաժշտական կեանքը ծանօթացուի։

Ինչպէս նախապէս ալ յայտարարուած էր, երգչախումբը Շաբաթ երեկոյեան եԵոլճու, թատերախումբով միատեղ Փարիզի Theatre du Gymnase Marie Bellի մէջ պիտի ներկայցնէ եԿոմիտաս, մենախաղը։ Իսկ, Կիրակի առաւօտ Ալֆորվիլի Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարէ Ս. Պատարագի Կոմիտասեան բազմաձայն երգեցողութիւնները։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-1/p230324lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın