Հրապարակագիր, լրագրող Սեւան Նշանեանի անթերի թարգմանութեամբ լոյս տեսած է կոթողային աշխատութիւն մը. «Թուրքիոյ հայկական աշխարհագրութիւնը» հանրագիտարանը, որ վստահաբար շահեկան գիրք մը պիտի ըլլայ գրասէրներուն եւ հետազօտողներուն համար։ Գիրքի հիմնական աղբիւրը Վենետիկեան Մխիթարեան հայրերէն Սուքիաս Էփրիկեանի «Պատկերազարդ բնաշխարհիկ բառարանն է», զոր Էփրիգեան 1902-1907ին սկսած է հրատարակել հայկական բնակավայրերու մասին, բայց երկրորդ հատորէն կիսատ թողած է։ Այժմ Սեւան Նշանեան ամբողջացուցած է այդ ուսումնասիրութիւնը, լրացուցած է պակասները եւ ահաւասիկ այս նոր հանրագիտարանը դրած՝ ընթերցողներու տրամադրութեան տակ։
Էփրիկեանի բառարանը 20րդ դարասկզբի Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ եւ անկէ դուրս հայկական բնակավայրերու մասին էր։ Այս հանրագիտարանով Նշանեան փորձած է ամբողջացնել բառարանը, օգտուելով Էփրիկեանի գործածած աղբիւրներէն։ Այսպէս թրքերէնի թարգմանուած են հատուածներ 19րդ դարու կարկառուն դէմքեր՝ Ինճիճեանէն, Գարեգին Սրուանձտեանէն եւ Ալիշանի աշխատասիրութիւններէն կարեւոր հատուածներ։
Հայր Սուքիաս Էփրիկեան ծնած է 1873ին, Ախալցխայի մէջ, որ այդ շրջանին կը գտնուէր Ռուսաստանի կայսրութեան տիրապետութեան տակ։ Ան Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ էր, իր կեանքի մէկ շրջանը անցուցած էր Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի վանքին մէջ։ Մահացած էր Վենետիկ՝ 1952ին։
Հանրագիտարանային աշխատութեան առաջին հատորը լոյս տեսած է 1902ին, Վենետիկ։ Յետոյ մեծ ընդունելութիւն գտնելով, վերհրատարակուած է երկու բաժնով՝ 1903 եւ 1905 թուականներուն։ Երկրորդ հատորը բաւական մեծ ուշացումով լոյս տեսաւ 1907ին, իսկ միւս երկու հատորները այդպէս ալ չտպուեցան։
Նորատիպ հանրագիտարանի նպատակն է տալ հայոց պատմութեան մէջ նշուած վայրերու ցանկը, նաեւ ամբողջական ցանկը այն վայրերու, ուր գոյութիւն ունին հայկական համայնքներ։ Այդ վայրերու մօտաւորապէս կէսը բնականաբար կը գտնուին Թուրքիոյ սահմաններէն ներս։ Աշխատութեան մէջ ընդարձակ տեղ յատկացուցած է կովկասեան երկիրներուն, որոնք 1900ականներուն կը գտնուէին ռուսական տիրապետութեան ներքեւ, ինչպէս նաեւ կը յիշատակուին պատմական հայկական բնակավայրերը այնպիսի երկիրներու, ինչպիսին են Իրան, Պուլկարիա, Ռումանիա, Լեհաստան ու Հնհկաստան։
Թարգմանիչ Նշանեան գոհացած է միայն Էփրիկեան բառարանի յօդուածներով, որոնք կ’առնչուին Թուրքիոյ ներկայի աշխարհագրութեան։ Ատոր համար է որ Էփրիգեանի 1314 էջնոց աշխատութիւնը կրճատուեցաւ մինչեւ 650 էջ։ Ամբողջացած են նաեւ կարգ մը նիւթեր, զորս Էփրիկեան կարելիութիւն չէր ունեցած աւարտելու։ Այսպէս աւելցած են աւելի քան 600 նոր անուններ։
Կը շնորհաւորենք հեղինակը կոթողային այս աշխատանքը իրականացնելու համար։
İlk yorum yapan siz olun