İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2024-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Ճէրի Փիլէյ այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ընկերակցութեամբ նոյն Խորհուրդին մէջ Միջին Արեւելքի առնչուած շարք մը պատասխանատուութիւններ ունեցող Գարլա Խիժոյեանին եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) փոխ ընդհանուր քարտուղար Սեդա Խտըշեանին:

Վեհափառ Հայրապետը եւ ընդհանուր քարտուղարը երկար հանդիպում մը ունեցան, որուն ընթացքին, ընդառաջելով ընդհանուր քարտուղարի փափաքին՝ Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր արժեւորում մը կատարելէ ետք միջ-եկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ կացութեան՝ իր տեսակէտները յայտնեց Ե.Հ.Խ.ի կարգ մը ծրագիրներու ու աշխատանքներու գծով, միաժամանակ շեշտեց կարգ մը մարզերու առաջնահերթութիւն տալու հրամայականը: Յայտնենք, որ Հայրապետը Խորհուրդին ներկայ նախագահներէն մէկն է, իսկ անցեալին երկու շրջաններ, շուրջ 16 տարի, վարած էր Խորհուրդի կեդրոնական ու գործադիր վարչութեանց ատենապետութիւնը: Խորհրդակցական հանդիպումէն ետք, դոկտ. Փիլէյ ճաշի հիւրը եղաւ Վեհափառ Հայրապետին, ապա Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանի առաջնորդութեամբ շրջեցաւ Մայրավանքի բաժանմունքները՝ մօտէն տեղեակ դառնալով կատարուող աշխատանքներուն:

Յայտնենք, որ նոյն օրը առաւօտեան, ընդհանուր քարտուղարը իր պատուիրակութեան հետ միասին այցելած էր Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի համալիր, ինչպէս նաեւ Դպրեվանք եւ «Թռչնոց Բոյն» ու Ցեղասպանութեան որբերու թանգարան։

Աղբիւր։  His Holiness Aram I https://www.facebook.com/CatholicosAramI  

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın