İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍԷՆԹ ԷՍՓՐԻ ԼԱՏԻՆ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Ն.Ս. Ֆրանսիս Սրբազան Քահանայապետի ընտրութեան 11րդ տարեդարձը Սէնթ Էսփրի Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ մէջ տօնուեցաւ 28 Փետրուար 2024, Չորեքշաբթի, ժամը 18.30-ին մատուցուած Գոհաբանական Ս. Պատարագով։ Արարողութեան նախագահեց Վատիկանի Ս. Աթոռոյ Միջպետական Յարաբերութիւններու Նախարար Մոնս. Փոլ Կէլլէքըր Ս. Արքեպիսկոպոսը։ Պապական Նուիրակ Մոնս. Մարէք Սոլէզինսքին եւ քաղաքիս Լատին Կաթոլիկ Համայնքի Առաջնորդ՝ Պապական Փոխանորդ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ Սրբազան Եպիսկոպոսը ողջունեցին հիւրերը։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ կաթոլիկ Ûարանուանութիւններէ հոգեւոր առաջնորդներ եւ հոգեւորականներ։ Արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ընկերակցութեամբ Աթոռոյս Միջեկեղեցական եւ Միջկրօնական Բաժանմունքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի։ Արարողութեան իր ներկայութիւնը բերաւ նաեւ Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը։

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ հանդիսաւոր թափորով եւ ապա մատուցուեցաւ Գոհաբանական Ս. Պատարագը։ Արարողութեան ընթացքին ողջոյնի խօսք արտասանեց Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ Սրբազան Եպիսկոպոսը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն մասնակցութեանը համար։ Այս առթիւ իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Պատրիարք Հայրը եւ յանուն Հայ Եկեղեցւոյ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ։ Յայտնեց, թէ՝ ինք առիթը ունեցած էր անձամբ հանդիպելու Սրբազան Քահանայապետին եւ իր անձին մէջ տեսած էր երկու յատկութիւններ։ Առաջինը այն էր, թէ՝ ինք ըլլալով մեծ եկեղեցւոյ մը հոգեւոր Պետը, միշտ շեշտած էր խոնարհութեան կարեւորութիւնը եւ խոնարհութիւնը որպէս կեանքի ուղի իւրացուցած էր։ Իսկ երկրորդը այն էր, թէ՝ մարդկային կեանքի տեսակէտէ փոփոխութիւններով լի աշխարհին կ՚ուզէր տարբեր պատգամներ տալ յօգուտ մարդկութեան եւ եկեղեցւոյ։ Մեր Հոգեւոր Պետը նաեւ անդրադարձաւ Սրբազան Քահանայապետին անհանգստութեան եւ մաղթեց առողջութիւն եւ իմաստութիւն իր ծառայութեան մէջ։

Հուսկ արտայայտուեցաւ Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը եւ շնորհաւորեց Սրբազան Քահանայապետի տարեդարձը։ Յիշեցուց, թէ՝ 11 տարիներ առաջ ինք ալ ներկայ էր Ս. Պետրոս Հրապարակի վրայ կատարուած գահակալութեան արարողութեան եւ այդ օրը պատմական բնոյթ մը ստացած էր, քանի որ Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետեր նման առիթով համախմբուած էին Վատիկանի մէջ։ Այս առթիւ մաղթեց որ երկու հոգեւոր պետերու կողմէ մշակուած միջեկեղեցական կապերը զօրանան եւ իրենց անդրադարձը ունենան եկեղեցիներու միութեան վրայ։

Արարողութեան աւարտին Վատիկանի Դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին մէջ Հոգեւոր Պետը փոխանցեց իր ջերմագին մաղթանքները Կաթոլիկ Եկեղցւոյ բարձրաստիճան առաջնորդներուն եւ ներկայացուցիչներուն։

Աղբիւր։ Պատրիարքութիւն Հայոց

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın