Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 27 Փետրուար 2024, Երեքշաբթի, ժամը 15.00-ին ընդունեց Պապական Նուիրակ Մոնս. Մարէք Սոլէզինսքին, որուն կ՚ուղեկցէր քաղաքիս Լատին Կաթոլիկ Համայնքի Առաջնորդ՝ Պապական Փոխանորդ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ Սրբազան Եպիսկոպոսը։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Երկու հոգեւոր պետեր աւելի քան մէկ ժամ տեւող տեսակցութեան ընթացքին զրոյց ունեցան առօրեայ միջեկեղեցական նիւթերու շուրջ։ Թէեւ նախապէս գրաւոր հրաւէր ուղղուած էր Պատրիարք Հօր, սակայն Պապական Նուիրակը այս այէելութեամբ փափաքած էր մեր Հոգեւոր Պետը անձամբ հրաւիրել Ն.Ս. Ֆրանսիս Սրբազան Քահանայապետի ընտրութեան տարեդարձին առթիւ 28 Փետրուար Չորեքշաբթի ժամը 18.30-ին Սէնթ Էսփրի Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցանելի գոհաբանական Ս. Պատարագին եւ յաջորդին սարքելի ընդունելութեան։
Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտներ սոյն փափկավարական հրաւէրին եւ խոստացաւ մասնակցիլ հոգեւոր արարողութեանց եւ ընդունելութեան։
Մեր Հոգեւոր Պետը թէ Պապական նուիրակին եւ թէ Պապական Փոխանորդին նուիրեց եկեղեցական գոյքերու հետ առընչուած գիրքէն օրինակներ։
Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուած ընդունելութեան համար եւ Գրիգոր Աւ. Քահանայ Հօր առաջնորդութեամբ այցելեցին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցի եւ իրենց ուխտի աղօթքը կատարելէ յետոյ հրաժեշտ առին։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun