Մխիթարեան վարժարանի լիսէի բաժնի պասքէթպոլի խումբը երկու շաբաթ շարունակ մասնակցեցաւ դպրոցական մարզաձեւերու Շիշլիի միջվարժարանային մրցաշարքին եւ հիանալի յաջողութիւն մը ձեռք ձգեց։ Մխիթարեանցի տղաքը իրենց մարզիչ Աքսէլ Պարութճեանի հսկողութեան ներքեւ իրերայաջորդ յաղթանակներով հասան մինչեւ եզրափակիչ փուլ։ Մրցակիցը ֆրանսական Նօթր Տամ լիսէի խումբն էր, որ կրցաւ յաղթանակ տանիլ 70-47 արդիւնքով։ Մխիթարեանցիներ երկրորդ հանդիսացան։
Մինչ այդ Մխիթարեան վարժարանի խումբը յաղթանակներ արձանագրած էր յաջորդաբար Ըշըք վարժարաններու խումբի՝ 42-37, Գուրթուլուշ Անատոլու վարժարանի՝ 58-37 եւ Ճէրն գոլէճի՝ 45-41 խումբերու դէմ։
Մետայլներու տուչութեան ընթացքին սաներու եւ մարզիչ Աքսէլ Պարութճեանի այս մեծ ուրախութեան բաժնեկից եղան նաեւ վարժարանի երեք տնօրէնուհիներն ու մարզանքի միւս ուսուցիչը՝ Ռաֆֆի Քալք։
Կը շնորհաւորենք Մխիթարեանցիները։
https://www.facebook.com/photo?fbid=314398681620219&set=a.135021036224652
İlk yorum yapan siz olun