Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 26 Փետրուար 2024, Երկուշաբթի, Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց վարդապետական աստիճաններու եւ գաւազանի իշխանութեան տուուչութեան արարողութեան:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Նորին Ամենապատուութեան տնօրինոմով, Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղյ. Սերովբեան պատրաստած էր իր վարդապետական թէզը, որ 22 Փետրուար 2024, Հինգշաբթի, յետ միջօրէին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան մատենադարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ բանաւոր պաշտպանութիւնը:
Մասնաւոր վարդապետական աստիճան ստանալու համար թէզ պաշտպանեց Հայր Սուրբը՝ «Թարգմանական կրօնական երկերը ԺԸ. դարու պոլսահայ գրատպութեան մէջ» թեմայով:
Յանձնաժողովին կը նախագահէր Տաւուշի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բագրատ Արքեպս. Գալստանեանը։ Յանձնաժողովին անդամներն էին Շիրակի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Միքայէլ Արքեպս. Աջապահեան, Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մկրտիչ Եպս. Պռոշեան, Մասեացոտն թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գէորգ Եպս. Սարոյեան եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէյի տեսուչ ու Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Ժամկոչեանը։
Յաւարտ բանաւոր պաշտպանութեան՝ քննիչ յանձնախումբը դրական եզրակացութիւն տուաւ վարդապետական թեզի պաշտպանութեան եւ արժանի համարեց Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանին շնորհելու մասնաւոր վարդապետութեան աստիճան:
Հայ Եկեղեցւոյ մասնաւոր վարդապետութեան չորս աստիճաններու տուուչութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Օշականի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Շիրակի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Միքայէլ Արքեպս. Աջապահեանի։ Խարտաւիլակն էր Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի ՏԵսուչ Հոգշ. Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան: Ներկայ էր Գերշ. Տ. Դանիէլ Եպս. Ֆընտըքեան:
Հանդիսադիր Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ չորս կողմերը, Աւետարանական ընթերցումնեւով ընծայեալ Յովակիմ Հայր Սուրբին շնորհեց մասնաւոր վարդապետութեան չորս աստիճաններն ու գաւազանի իշխանութիւնը:
Յաւարտ արարողութեան, Սրբազան Հայրը սրտի խօսք արտասանեց եւ ըսաւ, որ Հայ Եկեղեցւոյ գեղեցիկ աւանդութեամբ եկած ենք մեր եկեղեցւոյ մեծ վարդապետին՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմին առջեւ, Պոլսոյ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առաջարկով եւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ մասնաւոր վարդապետութեան գաւազանի իշխանութիւն տալու Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբեղային: Սրբազան Հայրը գովեց ընծայեալին տարիներու ծառայութիւնն ու նուիրուածութիւնը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ ինք եւս դեր ունեցած է այս տուուչութեան մէջ: Արեւշատութիւն եւ երկար տարիներու նուիրեալ ծառայութիւն մաղթեց Յովակիմ Վարդապետին:
Նոյն օր Ամենայն Հայոց Հայրապետը, Գերշ. Տ. Միքայէլ Սրբազանի ուղեկցութեամբ Վեհարանի մէջ ընդունեց նորընծայ Յովակիմ Վարդապետը։
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը եւ Մայր Աթոռի Լուսարարապետ Գերշ. Տ․ Մուշեղ Եպս. Պապայեանը։
Նորին Սրբութիւնը, իր հայրական օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքը բերելով Հոգեշնորհ Հայր Սուրբին, վստահութիւն յայտնեց, որ նորընծայ վարդապետը առաւել ջերմեռանդութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ կը շարունակէ իր նուիրեալ ծառայութիւնը Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան՝ նպաստելով հայ համայնքի արժեքներու եւ ինքնութեան պահպանման։
Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով անդրադարձաւ նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր՝ Պոլսոյ հայոց հոգեւոր-եկեղեցական կեանքը աշխուժացնելու ուղղութեամբ գործադրած ջանքերուն եւ կարեւոր ներդրումին։
Հայր Սուրբը արտասանեց իր սրտի խօսքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, Պատրիարք Հօր եւ բոլոր անոնց, որոնք դեր ունեցած են իր կազմաւորման եւ մինչեւ այս օր հասնելուն: Ան յիշեց Երանաշնորհ Եղիշէ Դուրեան Պատրիարքի խօսքը, որ Ս. Մեսրոպի շիրիմին համար կ’ըսէ թէ երբեք այնքան վար նայած չէ, այնքան վերը տեսնելու համար, եւ այդ մեծութեան, մեծ վարդապետի բարոյական ներկայութեան վարդապետական գաւազան ստանալու պատիւին համար եւս շնորհակալութիւն յայտնեց ու ըսաւ թէ պիտի ջանայ իր տիրապարգեւ շնորհքներուն ներած չափով ծառայել մեր Ս. Եկեղեցւոյ եւ համայնքին:
Վերջաւորութեան՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վարդապետական ականակուռ լանջախաչով զարդարեց Յովակիմ վարդապետի կուրծքը, և «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց զայն:
Նոյն իրիկուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաժեշտ առաւ Վեհափառ Հայրապետէն ու շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն հանդէպ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար:
Նորին Ամենապատուութիւնը 27 Փետրուար 2024, լուսածագէն առաջ առաջնորդուեցաւ Զուարթնոց օդակայան: Ողջերթի եկան Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մուշեղ Եպս. Պապայեան, Ռուսանիոյ առաջնորդ Գերշ. Տ. Տաթեւ Եպս. Մուրատեան, Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան: Նորին Ամենապատուութիւնը օդային ճամբով վերադարձաւ Աթոռ եւ դիմաւորուեցաւ Պատրիարքարանի պաշտօնեաներու կողմէ:
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun