Անառակի Կիրակիին՝ 25 Փետրուար 2024, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը արարողութեանց նախագահեց Ս. Գայեանէ Վանքին մէջ։
Ս. Պատարագը մատոյց՝ Հոգշ. Տ. Գրիգորիս Վրդ. Շոխիկեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան առաջնորդութեամբ Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Ղեւոնդեանի։ Ներկայ էր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի միաբանութիւնը:
Ի ժամ Ս. Պատարագի, Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մուշեղ Եպս. Պապայեան բարի գալուստ մաղթեց մեր Հոգեւոր Պետին եւ հրաւիրեց օրուան պատգամը տալու:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզեց Անառակ Որդիի առակին մասին: Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ թէ այս առակը Տէր Յիսուս Քրիստոսի ամենակարեւոր առակներէն է եւ բացատրեց կորսուելու, կորուստի եւ անառակ որդիի ով ըլլալու պարագաները: Ըսաւ, որ մարդ արարած հարստութեան մէջ է որ աւելի կը կորսուի, սակայն ցաւօք, ան չի գիտեր թէ ինք հարուստ է: Առակի մէջի հայրը նոյնինքն Աստուած է, սակայն բուն անառակը մեծ որդին է, որ իր կորսուած եղբօր վերադարձին չէ ուրախացած, այլ՝ ապստամբած է: Մարդ պէտք է միշտ կրկնէ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքի հետեւեալ տունը.
«Ամենախնամ Տէր, դիր պահապան աչաց իմոց զերկիւղ քո սուրբ ոչ եւս հայիլ յայրատ. եւ ականջաց իմոց՝ ոչ ախորժել լսել զբանս չարութեան. եւ բերանոյ իմոյ՝ ոչ խօսիլ զստութիւն. եւ սրտի իմոյ՝ ոչ խորհիլ զչարութիւն. եւ ձեռաց իմոց՝ ոչ գործել զանիրաւութիւն. եւ ոտից իմոց՝ ոչ գնալ ի ճանապարհս անօրէնութեան. այլ ուղղեա զշարժումն սոցա լինիլ ըստ պատուիրանաց Քոց յամենայնի. եւ ողորմեա քո արարածոց եւ ինձ՝ բազմամեղիս» (Աշխարհաբար՝ Ամենախնա՛մ Տէր, Քու սուրբ երկիւղդ պահապա՛ն դիր իմ աչքերուս, որ այլեւս անպատկառ չնային, ականջներուս՝ որ չար խօսքեր լսելէ չախորժին, բերանիս՝ որ սուտ չխօսի, սիրտիս՝ որ չարը չխորհի, ձեռքերուս՝ որ անիրաւութիւն չգործեն, եւ ոտքերուս՝ որ անօրինութեան ճանապարհներով չընթանան: Այլ ուղղէ՛ անոնց շարժումը՝ ամէն ինչի մէջ միշտ Քու պատուիրաններուդ համաձայն ըլլալու. եւ ողորմէ՛ Քու արարածներուդ եւ ինձ՝ բազմամեղիս:)։
(Քարոզը դիտելու համար երթալ https://www.facebook.com/HayrZakaria/videos/721372710128833/ հասցէին: Շնորհակալութիւն Հոգշ. Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ.ին):
Յետ միջօրէին, Նորին Ամենապատուութիւնը վանքի իր սենեակին մէջ ընդունեց նորընծայ կուսակրօն եւ ամուսնացեալ հոգեւորականները, շնորհաւորեց զիրենք, զրուցեց անոնց հետ եւ հայրական խրատներ տուաւ:
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun