Մօտաւորապէս 40 օր մնաց տեղական կառավարման մարմիններու, այսինքն քաղաքապետական ընտրութիւններուն։ Ճէ-Հէ-Փէ կուսակցութիւնը ընդհանրապէս յաղթական կ’ելլէ Իսթանպուլի կարեւոր թաղերու՝ Շիշլիի, Պաքըրգիւղի, Պէշիկթաշի եւ Գատըգիւղի մէջ, ուր բնակչութիւնը այլընտրանք չի տեսներ ընդդիմադիր մայր կուսակցութեան։ Այս թաղերուն մէջ անձով չէ որ պայմանաւորուած է ընտրութիւնը, այլ կուսակցութեամբ, բայց Ճէ-Հէ-Փէ եւս բարեփոխումներու կարիք ունի եւ այդ ճամբուն վրայ է 31 Մարտի «քննութենէն» առաջ։
Շիշլիի քաղաքապետական խորհուրդի թեկնածուներու ցանկը երէկ յանձնուեցաւ շրջանային ընտրական յանձնաժողովին։ Ճէ-Հէ-Փէի անունով քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած է Ռեսիւլ Էմրահ Շահան, որ արմատական փոփոխութիւններ կ’առաջարկէ քաղաքապետական խորհուրդին համար. հին կազմէն միայն երկու հոգիի թեկնածութիւնն է որ կրկին առաջադրուած է, միւսները նոր անուններ են։
Առաջադրուած թեկնածուներու ցանկին մէջ 9րդ կարգի վրայ ունինք հայ թեկնածու մը։ Մխիթարեան վանատան վագըֆի Մատակարար Մարմնի փոխատենապետուհի Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր թեկնածու առաջադրուած է։ Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր 1977ի ծնունդ է, ծանօթ է տնտեսական, մշակութային, բնապահպանութեան եւ կրթութեան ոլորտներու մէջ իր գործունէութեամբ եւ համայնքային գործիչի հանգամանքով։
Այժմէն յաջողութիւն կը մաղթենք իրեն։
İlk yorum yapan siz olun