Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, որ 19 Փետրուար, Երկուշաբթի գիշեր, օդային ճամբով մեկնած էր, վաղ առաւօտուն հասաւ Երեւանի Զուարթնոց Օդակայանը: Նորին Ամենապատուութեան կ’ուղեկցի Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղյ. Սերովբեան:
Մեր Հոգեւոր Պետը օդանաւէ ելքին դիմաւորուեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մուշեղ Եպս. Պապայեանի կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ պատուոյ դահլիճ: Այստեղ մեր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիմաւորելու բութացած էին նաեւ Գերշ. Տ. Վրթանէս Եպս. Աբրահամեան եւ միաբան հայրեր:
Նորին Ամենապատուութիւնը պատուոյ սրահին մէջ կարճ հանգիստ առնելէ ետք ուղղուեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:
Առաւօտեան ժամը 09.00-ին, Նորին Ամենապատուութեան համար կատարուեցաւ Հրաշափառի արարողութիւն, Մայր Աթոռի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Ս. Վարդան մկրտարան մատրան մէջ: Մեր Հոգեւոր Պետը այստեղ միաբան հայրերու, քահանաներու եւ սարկաւագներու կողմէ առաջնորդուեցաւ եւ Ս. Խորանի առաջ կատարեց իր ուխտի աղօթքը:
Այստեղ յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Մայր Աթոռի Միաբանութեան, Նորին Ամենապատուութեան բարի գալստեան խօսք արտասանեց Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մուշեղ Եպս. Պապայեան եւ ըսաւ թէ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր ներկայութիւնը միշտ ոգեւորիչ եւ խրախուսիչ է բոլորին համար: Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի նիստերը առիթ կը դառնան, որ Նորին Ամենապատուութիւնը գտնուի Մայր Աթոռի մէջ եւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերէ մեր Եկեղեցւոյ համար եղած աշխատանքներուն: Իր խօսքի աւարտին, յանուն Վեհափառ Հայրապետի ու ողջ միաբանութեան, բարի գալուստ եւ բարի կեցութիւն մաղթեց Պատրիարք Հօր:
Ի պատասխան Լուսարարապետ Սրբազանին, մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ բոլոր ներկաներուն եւ ըսաւ թէ Մայր Աթոռի մէջ ինքզինք կը զգայ իր հարազատ տան մէջ եւ ինչպէս ծանօթ է, եկած է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի նիստերուն ատենապետելու: Պատրիարք Հայրը աղօթեց, որ յաջողութեամբ կը պսակուին ի պայծառութիւն մեր եկեղեցւոյ եղած բոլոր աշխատանքները, ապա օրհնեց ներկաները:
Նորին Ամենապատուութիւնը ապա առաջնորդուեցաւ Վեհարան, ուր մուտքին զինք կը սպասէր Վեհափառ Հայրապետը: Երկու գահակալներ այստեղ ողջագուրուեցան: Ապա Նորին Ս. Օծութեան գրասենեակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Նորին Ամենապատուութիւնը։
Ժամը 10.30-ին Վեհարանի մէջ սկսան Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի նիստերը, որ պիտի տեւեն ամբողջ շաբաթ:
Նոյն գիշեր, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի մէջ սիրոյ սեղան սարքեց, որուն մասնակցեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, Կարտինալ Կուճերոթթին, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամներ, Կովկասեան երկիրներու մէջ Պապական Նուիրակի Պաշտօնակատարը, Մխիթարեան հայրեր եւ միաբաններ:
Ինչպէս ծանօթ է, Պատրիարք Հօր ուղեւորութիւնը պիտի տեւէ շաբաթ մը եւ Աթոռ պիտի վերադառնայ յաջորդ Երեքշաբթի:
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun