İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍԻՊԻԼ ՀԱՄԵՐԳՆԵՐ ՊԻՏԻ ՍԱՐՔԷ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՄԷՋ

Երգչուհի Սիպիլ թերթիս խմբագրութեան ղրկուած հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ որ յառաջիկայ ամիս Աւստրալիա պիտի մեկնի համերգներու համար։ Այսպէս՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ¤ՀԲԸՄ_ հրաւէրով, ան առաջին անգամ ըլլալով պիտի հիւրընկալուի Աւստրալիոյ հայ համայնքին կողմէ եւ համերգներ պիտի սարքէ Սիտնիի ու Մելպուռնի մէջ։

23 Մարտին, Սիտնիի մէջ սարքելի համերգին Սիպիլին պիտի ընկերանան Թամզարա պարախումբն ու երաժիշտներ, իսկ 7 Ապրիլի Մելպուռնի համերգին մաս պիտի կազմեն Ազատ Ղարիպեան պարախումբը, Ակինեան վարժարանի մանկանց երգչախումբն ու երաժիշտներ։

Սիպիլ մօտաւորապէս ամիս մը պիտի մնայ Աւստրալիա, հանդիպումներ պիտի ունենայ աւստրալահայերու հետ։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-1/190224lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın