Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 19 Փետրուար 2024, Երկուշաբթի, ուշ գիշեր, օդային ճամբով կը մեկնի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրաւէրով, Նորին Ամենապատուութիւնը պիտի ատենապետէ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի նիստերուն:
Այս ուղեւորութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կ’ուղեկցի Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղյ. Սերովբեան:
Պատրիարք Հայրը Աթոռ պիտի վերադառնայ յառաջիկայ 27 Փետրուար, Երեքշաբթի:
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun