«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ը վերջին երկու շաբթուան ընթացքին յաջորդաբար գումարեց առցանց երկու նիստեր (8-րդ եւ 9-րդ), նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։
Ի հետեւումն 19-20 Յունուար 2024-ին Անթիլիասի մէջ կայացած «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի խորհրդակցական հանդիպումներու որոշումներուն, առցանց նիստերուն քննարկուեցան Ապրիլ 24-ի նախօրեակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ եւ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, գումարելի գիտաժողովին թեման եւ ընդհանուր ուղղութիւնները։
Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն շուրջ 25 պատմագէտներ, իրաւագէտներ եւ քաղաքագէտներ պիտի մասնակցին յիշեալ գիտաժողովին, քննելու համար Ազրպէյճանի իրականացուցած ցեղասպանութեան ուղղութեամբ միջազգային դատական ատեաններու մօտ Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան կոչելու ուղիները։
Գիտաժողովին նկատի առնուած են զեկուցոմներ, որոնք պիտի արծարծեն Արցախի պատկանելիութեան, հակամարտութեան էութեան, բանակցային գործընթացին, թուրք եւ ազրպէյճանական դաշինքի գործադրած ցեղասպանական շարուակակական ցեղասպանութեան, Արցախի դէմ յայտարարուած պատերազմի տարբեր արարներուն, Պաքուի գործադրած ռազմական յանցագործութիւններուն, Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի, ինքնորոշման իրաւունքի վերարծարծման հնարաւորութիւններուն եւ հոգեւոր պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման նպատակով միջազգային կազմակերպութիւններու ամբողջական թղթածրարներու պատրաստութեան վերաբերող հարցեր։
Այս քննարկումները պիտի հունաւորուին այնպէս, որ ծառայեն այսօրուան բարդ համապատկերին վերաբերող գործընթացները վերլուծելու եւ իրաւաքաղաքական առումով հայկական կողմին համար գոյութիւն ունեցող դժուարութիւնները յաղթահարելու ուղղութեամբ որոշ ուղենիշներ ճշդելու։
Վեհափառ Հայրապետը վերջին երկու նիստերու ընթացքին յատկապէս շեշտեց կարեւորութիւնը նման դժուարին պայմաններու մէջ մասնագիտական մարդուժը համախմբելու եւ համատեղ քննարկումներով ճանապարհային քարտէսներու գծման փորձերու անհրաժեշտութիւնը։
Աղբիւր։ Cilicia TV https://www.facebook.com/CiliciaTv
İlk yorum yapan siz olun