İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Իր ուղեւորութիւնը պիտի տեւէ շուրջ շաբաթ մը։ Նորին Ամենապատուութիւնը պիտի մասնակցի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին՝ բարձր նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։

Այցելութեան օրերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր պիտի ընկերանայ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, որ կը պատրաստուի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի համակարգէն ներս վարդապետական թեզ մը պաշտպանելու։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/15-02-2024-ամեն-ս-պատրիարք-հայրը-պիտի-մեկնի-մայր-աթոռ-սուրբ-էջմիածին

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın