İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 13 Փետրուար 2024, Երեքշաբթի, ժամը 14.00-ին ընդունեց Ստանպուլի մեծայարգ Կուսակալ Տավուտ Կիւլի փոխ այցելութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը մեծայարգ Կուսակալի պաշտօնի ձեռնարկման առիթով ներկայացած եւ յանուն համայնքի շնորհաւորած էր զինքը։

Մեծայարգ Տավուտ Կիւլ Պատրիարքարանի մուտքին դիմաւորուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան կողմէ։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղյ. Կարապետեան, Արժ. Տ. Տ. Գրիգոր Տամատեան եւ Տրդատ Ուզունեան Աւագ Քահանաներ, ԷՐՎԱՊ-ի Վարչութեան Ատենադպիր Լեւոն Քուզիքօղլու, Հրանդ Մոսկոֆեանի գլխաւորութեամբ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներ։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց մեծայարգ Կուսակալի այցելութիւնը եւ բարի գալուստ մաղթեց։ Մեծայարգ Կուսակալը մի առ մի ծանօթացաւ ներկաներուն հետ եւ հետաքրքրուեցաւ, թէ որեւէ հարց մը կա՞ր, որ լուծման կը կարօտէր։ Մեր Հոգեւոր Պետը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած հետաքրքրութեան համար եւ գոհունակութեամբ անդրադարձաւ թէ համայնքային բազում հարցեր իրենց լուծումը գտած էին ներկայ կառավարութեան բարեացակամ մերձեցման շնորհիւ։ Յայտնեց, թէ համայնքային հաստատութեանց ընտրութիւնները կատարուած եւ արդէն իսկ ընտրուողներ պաշտօնի ձեռնարկած էին։ Այժմ կ՚ակնկալուէր հիւանդանոցներու վարչութեանց ընտրութեան կանոնագրութիւնը, որուն մասին յայտարարուած էր, թէ պատրաստութեան եւ վաւերացման հունին մէջ կը գտնուէր։ Մեծայարգ Կուսակալը խոստացաւ հետաքրքրուիլ այս ուղղութեամբ, որուն համար Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց։

Մեծայարգ Կուսակալը ընծայուած ջերմ ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց եւ հրաժեշտ առաւ Պատրիարքարանէն։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın